ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այսօր Լիւքսամպուրկ պիտի մեկնի: Այցելութեան ընթացքին նախարարը պիտի ստորագրէ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ «Շարժունակութեան շուրջ գործընկերութեան միացեալ հռչակագիրը»:
Վաղը Նալբանդեան աշխատանքային այցելութեամբ Պերլին պիտի մեկնի, իսկ 29 հոկտեմբերին ան Փարիզի մէջ ելոյթ պիտի ունենայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 33-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին:
CATEGORIES Հայկական

