ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԵՏ

Նախագահ Սարգսեան եւ վարչապետ Փութին

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Նշելով, որ պետական այցելութեան ծիրին մէջ Ռուսիոյ վարչապետին հետ հանդիպումը լաւ կարելիութիւն կու տայ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու հեռանկարներու քննարկման համար, նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ յայտնեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կը գտնուին շատ լաւ մակարդակի վրայ: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ կառավարութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը եւ ձեւաւորուած մթնոլորտը թոյլ կու տան քննարկելու որեւէ հարց:

«Մենք կը նկատենք, որ մեր տնտեսական յարաբերութիւնները վատ չեն զարգանար: Ինչպէս դուք արդէն նշեցիք` անցեալ տարի մենք հասանք մինչեւ 1 միլիառ տոլարի ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներուն», յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ըստ Սարգսեանի, ատիկա Հայաստանի համար լուրջ թիւ է:

Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ օտարերկրեայ  ներդրումներուն 54 առ հարիւրը ռուսական ներդրումներ են, կան ռուսական կամ միացեալ մօտաւորապէս 1500 ընկերութիւններ, այսինքն` այդ իմաստով աճ կայ:

Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ մարդասիրական մարզին մէջ հայ-ռուսական համագործակցութեան, որ լաւ զարգացումի մէջ կը գտնուի:

Ըստ նախագահին, Հայաստան կը ցանկայ քննարկել նոր ծրագիրներու կարելիութիւններ, որոնք աւելի պիտի ամրապնդեն երկու երկիրներու յարաբերութիւնները:

Ողջունելով նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ նշելով, որ շատ հաճելի է զայն տեսնել Ռուսիա կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, Ռուսիոյ վարչապետը անդրադարձաւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, ներառեալ` առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն: Փութին եւս բարձր գնահատեց շարք մը ուղղութիւններով յաջողութեամբ զարգացող հայ-ռուսական յարաբերութիւնները: Ան աւելցուց, որ վերջերս կարելիութիւն ունեցած է Հայաստանի վարչապետին հետ զրուցելու երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի աշխուժ ձեւով զարգացնելու լրացուցիչ աշխատանքներուն մասին: Ռուսիոյ վարչապետը ընդգծեց, որ ընդհանուր առմամբ ամէն ինչ կ՛ընթանայ աշխատանքային դրութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES