ԸՍՏ ՀՄԱՅԵԱԿ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԻ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՊԷՏՔ Է ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ ՏԱՅ

Հմայեակ Յովհաննիսեան

Քաղաքագէտներու միութեան նախագահ Հմայեակ Յովհաննիսեան հայրենի «Երկիր» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Ազրպէյճանի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ դառնալը Հայաստանի դիւանագիտութեան լուրջ բացթողում է, արտաքին գործոց նախարարութեան աններելի ձախողութեան արդիւնք:

Քաղաքագէտը համոզում յայտնեց, որ Հայաստան պէտք է ամէն ինչ ընէր այդ ուղղութեամբ եւ յաւակնէր այդ պաշտօնին, իր դիմումով ալ խոչընդոտէր Ազրպէյճանի անդամակցութեան: Յովհաննիսեան նաեւ յայտնեց, որ այս սխալը իր բացասական հետեւանքները պիտի ունենայ յառաջիկայ երկու տարիներուն: Այդ տարիները «վճռորոշ» որակելով` ան նշեց, որ կատարուածին պատասխանատուութիւնը պէտք է անձամբ կրէ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

Ան յայտարարեց, որ նախարար Նալբանդեան պարտաւոր է այդ պատասխանատուութիւնը կրել եւ պէտք է հրաժարական տայ:

Share this Article
CATEGORIES