ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՉԵԽԻԱ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՏՈՄՍԵՐԸ ՍԿՍԱՆ ԾԱԽՈՒԻԼ

Երէկ` չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերին, սկսան ծախուիլ Հայաստան – Չեխիա Եւրոպայի ֆութպոլի երիտասարդներու ախոյեանութեան զտումի մրցումին տոմսերը: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 11 նոյեմբերին` Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս մրցումին տոմսերուն գինը 2000-4000 դրամ է: Հիւսիսային եւ հարաւային թրիպիւններուն գինը` 2000 դրամ, արեւելեանը` 3000, իսկ արեւմտեանը` 4000 դրամ:

 

Share this Article
CATEGORIES