ՔԱՐԱՄԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏԻ ԻՐԵՆՑ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ԱՍՊԱՐԷԶԸ

Քարամեան եղբայրները

Ռումանական ziartop.ro կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միովենիի (Ռումանիա) մարզիչ Միհայ Սթոյքիցայի հետ ունեցած իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ի յայտ եկած է, որ Քարամեան եղբայրները` Արման եւ Արտաւազդ, պաշտօնապէս լքած են ֆութպոլիստի իրենց արհեստավարժ ասպարէզը, որովհետեւ զբաղած են վաճառականութեամբ:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր նախկին մարզիչ Սթոյքիցա ըսած է հետեւեալը. «Երբ ես անոնց հետ կապի մէջ մտայ` ըսելով, որ միանան Միովենիի, անոնք մերժեցին իմ այս հրաւէրս` ըսելով, որ իրենց կեանքին մէջ ստացած են այլ կարելիութիւններ: Հակառակ անոր որ անոնք ցարդ 32 տարեկան են, մէկդի դրած են ֆութպոլը եւ մտած վաճառականութեան աշխարհ: Կը կարծեմ, որ այս տարիքին անոնք շատ լաւ առաջարկներ կը ստանային: Սակայն դժբախտաբար վերջնական որոշումը տալը կ՛իյնայ անոնց»:

Նշենք, որ Արտաւազդ Քարամեան Հայաստանի հաւաքականին հետ 51 մրցումի ընթացքին նշանակած է 2 կոլ, իսկ Արման Քարամեան 49 մրցումի ընթացքին` 5 կոլ:

Share this Article
CATEGORIES