ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՂՈՑ ԵՒ ԱՂՋԿԱՆՑ ՃԱՏՐԱԿԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐԸ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԿԸ ԿԱՏԱՐԵՆ ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ
Պատրաստուելու համար յառաջիկայ 2-12 նոյեմբերին Փորթօ – Քարասի մէջ (Յունաստան) տեղի ունենալիք Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան, այժմ Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները մարզական հաւաք կը կատարեն Դիլիջանի մէջ:
Տղոց հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արշակ Պետրոսեան, իսկ աղջկանց հաւաքականինը` Արթուր Չիպուխչեան:
Ինչ կը վերաբերի երկու հաւաքականներուն մաս կազմող ճատրակի վարպետներուն, անոնք են.
ՏՂԱՔ
Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան:
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Լիլիթ Կալոյեան, Մարիա Քուրսովա եւ Նելլի Աղինեան:
CATEGORIES Մարզական

