ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՐԱԹՈՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԵԺԻՊ ՄԻՔԱԹԻ ՍՏԱՑԱՒ ԹԻՒ 3 ՇԱՊԻԿԸ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբին մէկ պատուիրակութիւնը, զոր կը գլխաւորէր յանձնախումբի նախագահ եւ հիմնադիր Մայ Խալիլ:

Այս այցելութեան ընթացքին Խալիլ վարչապետ Միքաթիին յանձնեց 2011-ին Պէյրութի միջազգային մարաթոնին թիւ 3 շապիկը` յոյս յայտնելով, որ կիրակի, 27 նոյեմբերին, վարչապետը իր մասնակցութիւնը բերէ անոր:

Վարչապետը, շնորհաւորելէ եւ քաջալերելէ բացի Մարաթոնի յանձնախումբին տարած եւ տանելիք աշխատանքները, խոստացաւ իր մասնակցութիւնը բերել այս մարաթոնին, այն պայմանով սակայն, որ նոյն օրը քաղաքական հանդիպումներ կամ գործունէութիւն չունենայ:

Այս հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ, որ վարչապետը տեղեակ պահուի արաբական եւ միջազգային այն անձնաւորութիւններէն, որոնք պիտի մասնակցին այս մարաթոնին:

 

Share this Article
CATEGORIES