ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՍԻՈՅ 16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԼԻԲԱՆԱՆ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԷՆ

Երէկ, Վիեթնամի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 16 տարեկանէն վար կրտսերներու ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Լիբանանի ազգային խումբը 71-52 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Ճափոնէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով` 25-8, 23-22, 17-11 եւ 6-11:

Հակառակ անոր որ նախքան մրցումը տեղի ունենալը Լիբանանի մարզիկները լաւ տրամադրուած էին, սակայն պատահեցաւ անսպասելին եւ Լիբանան իր կրած այս պարտութեամբ դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Լիբանանէն Ճիմի Սալեմ նշանակեց 24 կէտ: Ամեր Քապալան նշանակեց 9 կէտ, իսկ Եաաքուպ Աղա` 8 կէտ:

 

Share this Article
CATEGORIES