ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՍԱԺԵՍ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ. ՄՈՒԹԹԱՀԵՏԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու հանդիպումներ:
Սաժես Պէյրութ, որ կատարեց տարեշրջանի իր առաջին մրցումը` Զահլէի մէջ, կէտի մը տարբերութեամբ` 71-70 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց դաշտին տէրերէն` Անիպալէն, որ այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը: Հակառակ անոր որ Սաժեսի ամերիկացի մարզիկ Թերընս Լիզըր նշանակեց 34 կէտ, սակայն դաշտին տէրերը տարին վերջնական յաղթանակը:
Մութթահետ Թրիփոլի արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 79-76 արդիւնքով յաղթելով Հուփսի:
Այսօր` հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերին, կը շարունակուին Բ. հանգրուանի մնացեալ մրցումները` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
| ԺԱՄ | ԴԱՇՏ | |
| Ռիատի Պէյրութ – Պաժժէ | 18:00 | Մանարա |
| Հաուշ Ումարա – Անդրանիկ Պէյրութ | 18:00 | Զահլէ |
CATEGORIES Մարզական


