ԵՒՐՈՊԱՅԻ 19 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ԱՆՏՈՐՐԱՅԻՆ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎԵՑ Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ

Հայաստան - Անտորրա մրցումէն

Հայաստանի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ` չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբերին կատարեց Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ախոյեանութեան զտումի Ա. հանգրուանի իր երրորդ եւ վերջին մրցումը` ճակատելով Անտորրայի դէմ:

Ժ. խմբակին մրցումները հիւրընկալող Հայաստան, որ իր այս մրցումը կատարեց Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, 1-0 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` շնորհիւ Աղուան Պապիկեանի նշանակած փենալթիին (82-րդ):

Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Հայաստան գրաւելով իր խմբակին երկրորդ դիրքը, իրաւունք ստացաւ մրցաշարքը շարունակելու եւ մասնակցելու Բ. հանգրուանի մրցումներուն:

Նշենք, որ Բ. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան մայիս 2012-ի վերջը:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Հայաստան ապահովեց 6 կէտ` պարտութիւն կրելով միայն Յունաստանէն, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Սլովաքիոյ հետ 7 կէտով գրաւեց պարագլուխի դիրքը:

Շատ հաւանական է, որ Բ. հանգրուանի մրցումներուն Հայաստան իր դէմ ունենայ Իտալիան, Գերմանիան, Պոսնիան, Այիրը, Ռումանիան, Պելճիքան, Սլովենիան, Դանիան, Սլովաքիան եւ կամ Աւստրիան:

Ստորեւ` Ժ. խմբակին վերջնական դասաւորումը.

Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ
1.- Յունաստան 2 1 0 13 2 7
2.- ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2 0 1 4 3 6
3.- Սլովաքիա 1 1 1 3 3 4
4.- Անտորրա 0 0 3 0 12 0
Share this Article
CATEGORIES