ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ գոյութիւն ունին շարք մը առաջարկներ, որոնք կրնան Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը աշխուժացնել:

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ այցելուներուն համաձայն, Սուրիա երբեք չի փափաքիր լիբանանեան այս կամ այն կողմին մօտ միջամտել` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին գծով:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ նախարարաց խորհուրդը հրապարակեց շրջաբերական մը` քաղաքացիները տեղեկացնելու համար, թէ յառաջիկայ ուրբաթ, 25 մարտին, Աւետման տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ են:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Սուրիա այցելութիւնը արգիլուած չէ` աւելցնելով, որ արաբական աշխարհն է իրենց արմատներուն խորքը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Հըզպալլայի ու Ամալ շարժումի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումը կառավարութեան կազմութեան ջանքերը վերադարձուցած է զերօ կէտին:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ իր յարաբերութիւնները բնական են եւ հիմնուած վստահութեան, յարգանքի եւ գործակցութեան վրայ:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի Մոհամետ Ալի Ժուզու մտավախութիւն յայտնեց արաբական – պարսկական պատերազմէ մը, որ կրնայ սանձազերծուիլ Իրանի պատճառով:

ՄԵԾՆ Բրիտանիոյ կառավարութեան բանբերը հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութեան մաս պէտք է կազմեն երկիրը բաղկացնող բոլոր հատուածները:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար զօր. Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ Դիմադրութեան յաղթանակներն ու երիտասարդական յեղափոխութիւնները կը փաստեն արաբ ժողովուրդին անպարտելի կամքը: Զօր. Համտան երէկ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ մեկնեցաւ Տուպայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազը անյայտ կորսուած է` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական որոշ կողմեր ահաբեկած են նաեւ լիբանանեան Ազգային երկխօսութիւնը:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան առողջապահութեան նախարար Մոհամետ Խալիֆէ «Նաշրա» կայքէջին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազը առկայ է` հակառակ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ այդ տարազին դէմ հնչող «երգերուն»:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան

Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ իրենց իրաւունքն է ստանալ Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան մաս կազմող նախարարներուն 40 առ հարիւրը:

«ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ» կայքէջին կողմէ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին լիբանանցի ղեկավարներու կեցուածքներուն մասին կատարուած բացայայտումներուն ծիրին մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտած է, որ Հըզպալլայի քայքայումը կարելի կ՛ըլլայ, երբ ան ներքին լիբանանեան հարցի կը վերածուի:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ յաջորդ կառավարութեան մէջ արդարութեան նախարարութիւնը յանձնուի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ ոչ թէ Լիբանանեան ուժերուն: Նոյն օրաթերթը շեշտեց, որ Սուրիա եւ Հըզպալլա Միքաթիին յայտնած են, որ անհրաժեշտ է արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը` շեշտելով, որ Միքաթի եւ նախագահ Սլէյման միասին կը գործեն` ըստ երկրին սահմանադրութեան:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթի կը կազմէ ազգային բացառիկ կառավարութիւն մը, որ բոլորին գոհունակութեան պիտի արժանանայ:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութեան կազմութեան առումով աւետիսներ կրնան յայտարարուիլ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքներ չկան` աւելցնելով, որ սպիտակ ծուխը մօտիկ ապագային կրնայ բարձրանալ:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ճարտարարուեստի մարզը կը տուժէ` երկրին դիմագրաւած քաղաքական ապակայունութեան պատճառով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի` հանդիպելէ ետք մշակոյթի նախարար Սելիմ Ուարտէի, յայտնեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ կայունութեան նկատմամբ:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը հեզասահ կ՛ընթանայ:

Միւս կողմէ, ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Նիրաժ Սինկ շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են ծովային սահմանագծում կատարելու, պայմանաւ որ Իսրայէլ եւ Լիբանան այդ մասին իրենց հաւանութիւնը ընծայեն:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժեր ամրացուցին Ղաժար գիւղաքաղաքին շուրջ ցանկապատներու նորոգութիւնը:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Շարպել Նահհաս կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրի մէջ բացայայտուած իսրայէլեան լրտեսական սարքը ցոյց տուած է, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնը ամբողջութեամբ ենթակայ եղած է իսրայէլեան հետապնդումի:

ՅՈՒԼԻՍԵԱՆ պատերազմին մասին «Ուիքիլիքս» կայքէջին բացայայտումները ցոյց կու տան հետեւեալը.

– Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող քրիստոնեայ ուժերը կոչ ուղղած են երկարաձգելու պատերազմը` աւարտելու համար Հըզպալլայի ապազինման առաքելութիւնը:

– Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կոչ ուղղած է Լիբանանի մէջ տեղակայելու միջազգային ուժեր, որոնք կրնան զինաթափ ընել Հըզպալլան:

– Նախկին նախարար Միշել Սմահա յայտնած է, որ զինուորական ոչ մէկ գործողութիւն փոփոխութեան պիտի ենթարկէ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:

– Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը զօրակցութիւն յայտնած է Հըզպալլայի դէմ կռուող միջազգային ուժերու կազմաւորման:

 

 

Share this Article
CATEGORIES