50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
ՆՈՐ ԲԵՄ
Իւրաքանչիւր սերունդ պիտի ըսէ իր խօսքը, կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ, առաւել եւս` գրականութեան եւ արուեստի:
Այդ խօսքը որոնման մը երանգը կ՛ունենայ նախ` հետզհետէ դառնալու համար պատգամ եւ վաստակ սերունդի մը, որ եկաւ ու անցաւ` իբրեւ մէկ օղակը ազգային ու մարդկային շղթային:
Որոնումը կ՛ենթադրէ հոգեկան տագնապ, որ իր ելեւէջները պիտի ունենայ` գեղեցիկի ու ազնիւի ձգտումին մէջ գտնելով իր արդարացումը:
Չկայ աւելի խանդավառ եւ սրտապնդիչ պատկեր, քան` մաքառումը սերունդի մը, որ կ՛ապրի իր ցեղին յաւիտենականութեան վայրկեանը, կեանքի քառուղիներուն վրայ: Պայքար ու մաքառում կ՛ենթադրեն կեանք, կ՛ենթադրեն լաւատես մօտեցում մարդուն եւ անոր առաքելութեան նկատմամբ:
Այս խորհրդածութիւնները կ՛ունենանք, երբ առիթը կը տրուի մեզի բաժնելու խանդավառութիւնը խումբ մը երիտասարդ գրագէտներու եւ մտաւորականներու, որոնք հին սերունդի ներկայացուցիչներուն հոգածու գուրգուրանքին ներքեւ հաւաքուած են տարիներու գեղեցիկ երազի մը ձեւ ու մարմին տալու համար:
Լիբանանահայ գրողներու խումբ մը, որ կը վայելէ համակրանքն ու քաջալերութիւնը սփիւռքի հին ու նոր վաւերական գրողներուն, ձեռնարկած է գրական հանդէսի մը հրատարակութեան, որ լոյս կը տեսնէ տարւոյն վերջերը, բացառիկ տարողութեան մը խոստումով: Մ. Նահանգներէն` Համաստեղ, Գուրգէն Մխիթարեան, Արամ Հայկազ, Ֆրանսայէն` Շաւարշ Նարդունի, Եգիպտոսէն` Բենիամին Թաշեան, Արսէն Երկաթ եւ բազմաթիւ ուրիշներ, նոյն եւ այլ գաղութներէ, առանձին նամակներով ոչ միայն քաջալեր հանդիսացած են ձեռնարկին, այլ նաեւ խոստացած են մնայուն աշխատակցութեամբ իրենց ճիգը խառնել Լիբանանի իրենց եղբայրներու ճիգին` ի փառս հայ մշակոյթին:
«Ազատամարտեան» աւանդութեան մը շարունակումը` գրական այս ամսագիրը պիտի կոչուի «Բագին», նման` այն միւս «Բագին»ին, ուր մտան աղօթելու «Ազատամարտեան» սերունդի գրողները` Ռուբէն Զարդարեանի քրմապետութեամբ:
Անցեալը իտէալականացնելով, ներկան նսեմացնելու եւ ապագան մութ տեսնելու հիւանդ մտայնութեան մը դէմ` «Բագին» պիտի ըլլայ բեմը սփիւռքի բոլոր գրողներուն, որոնք օտար երկինքներու ներքեւ կ՛ապրին հայ գրողի հոգեկան խռովքը, որ երբեմն «հայութենէն կը հրաժարեցնէ» զիրենք:
Պիտի ըլլայ բեմը անոնց, հեռուն թէ մօտ, որոնք կը հաւատան այն նախատարրին, որ կեանք ու արժէք կու տայ իրենց գործին: Կարճ` պիտի քաջալերուին ու հիւրընկալուին այն գրողները, որոնց գրականութեան հիմքը ազատ մտածումի եւ ազատ զգացումի ոգին է: Որովհետեւ, առանց այդ ոգիին, արուեստի ոչ մէկ գործ ըմբռնելի է:
Կը հաւատանք, որ երկարատեւ երկունքի մը արդիւնք այս ամսագիրը պիտի արժեցնէ իր կոչումը, որովհետեւ ո՛չ խանդավառութիւնը եւ ո՛չ ալ կամքը կը պակսի նախաձեռնողներուն:
Վստահ ենք, որ գրականութեան եւ մշակոյթի ծարաւն ունեցող երիտասարդութիւն մը պիտի հաւաքուի այս թերթին շուրջ եւ պիտի աշխատի զայն տարածել առաւելաբար մեր գաղութին մէջ, թէեւ այս ամսագիրը կ՛ուղղուի մեր բոլոր գաղութներուն եւ պիտի ըլլայ համագաղութային ձեռնարկ մը:
Ամսագրին խմբագրութիւնն ալ պիտի աշխատի իր կարգին ընդլայնել անոր բարեկամներուն շրջանակը` հետզհետէ ստեղծելով գրական այն մթնոլորտը, որ գլխաւոր պակսողը եղաւ ցարդ:
«Ազդակ», որ իր 35-ամեայ կեանքով այս գաղութի հոգեկան տագնապներուն վկան հանդիսացաւ եւ իր սեփական ձեռնարկներով աշխատեցաւ ակօս մը բանալ Միջին Արեւելքի մեր գրական անդաստանէն ներս, խանդավառութեամբ կ՛ողջունէ երիտասարդ գրողներուն այս ձեռնարկը, որուն յաջողութեան հաւատացողն ու քաջալերողն է:

