ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻ ՈՒՂԵՂԻՆ` ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ
ՋՂԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԷՆ` ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԿՆԴՐԵԼԸ ՇԱՏ ԲԱՐԴ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ ՄԸՆ Է: ՄԵՐ ՈՒՂԵՂԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐԲԵՐ ՄԱՍԵՐ ՊԷՏՔ Է ՄԻԱՍԻՆ ԱՇԽԱՏԻՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԸՄԲՌՆԵՆ ՆՈՅՆԻՍԿ ԱՄԷՆԷՆ ՊԱՐԶ ՄԵՂԵԴԻՆ: ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՃԻՇԴ Ի՞ՆՉ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ՄԵՐ ՈՒՂԵՂԻՆ ՎՐԱՅ: «ՍԹԱՄՊԸԼ ԱՓԱՆ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՁԵՒՈՎ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ՈՒՂԵՂԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԳՈՐԾԻ ԿԸ ԼԾՈՒԻ, ԵՐԲ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՀՆՉԷ
ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԵՔԵՆԱԿԱՆ
ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ
Ուղեղին մէջ գոյութիւն չունի երաժշտութեան յատուկ կեդրոն մը, մասնաւորաբար այն պատճառով, որ նոյնիսկ ամէնէն պարզ երաժշտութիւնը ունկնդրելը կը պահանջէ ջղաբանական տարբեր գործընթացներու մէկտեղում մը: Պահ մը տեսնենք, թէ ի՛նչ են երաժշտութիւն ունկնդրելու յատուկ մեքենական երեւոյթները: Ինչպէս պիտի կռահէք անունէն, ուղեղին լսողական մասը յատկանշական դեր ունի երաժշտութեան ձայնը ուղեղին գործընթացներէն անցընելու մէջ: Անիկա տեղեկութիւնը կը քաղէ ականջէն եւ կը ստուգէ ձայնին ալիքն ու աստիճանը:
Ուղեղին մէջ այլ մասեր կը լծուին երաժշտութեան տարբեր երեւոյթները վերլուծելու աշխատանքին: Օրինակ, կշռոյթը համեմատաբար երկրորդական տեղ ունի ուղեղին լսողութեան մասին մէջ: Նոյնիսկ ամէնէն պարզ եւ կանոնաւոր կշռոյթը, ինչպէս` երաժշտութեան մը հետ մատը սեղանին զարնելով կշռոյթ մը պահելը, գործի կը լծէ ուղեղին ձախ յառաջամասը, ձախ միջնամասը եւ աջ կիսագունդին ջղաբանական կեդրոնը: Իսկ աւելի արտասովոր կշռոյթներու պարագային, գործի կը լծուին յիշողութեան եւ հասկնալու հետ առնչուող այլ մասեր:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԼԾՈՂ ՁԱՅՆԵՐ
Կեդրոնական առանցքի մը շուրջ երաժշտական կառոյց մը ստեղծելու մղումը երաժշտական ըմբռնումի կենսական մէկ մասն է եւ կը պահանջէ ուղեղին տարբեր մասերուն գործակցութիւնը: Ուղեղին յառաջամասը, ջղաբանական կեդրոնն ու միջնամասը բոլորն ալ իրենց դերը ունին երաժշտական կտոր մը ճանչնալու մէջ: Ասիկա կը նշանակէ, թէ երաժշտութիւնը գործի կը լծէ մեր ուղեղին գրեթէ բոլոր մասերը եւ միայն տեսողութեան պատասխանատու մասը կը մնայ ազդեցութենէ զերծ, թէեւ այս մասին եւս յաւելեալ ըսելիք պիտի ունենանք քիչ ետք:
Երբեմն երաժշտութիւնը սխալ ձեւով կը դասենք իբրեւ ուղեղին աջ կիսագունդին յատուկ աշխատանք մը, այսինքն կը կարծենք, թէ երաժշտութիւն ընկալելու գործընթացը կեդրոնացած է մեր ուղեղին աջ կիսագունդին մէջ: Թէեւ այս մէկը կը յարմարի այն ընդհանուր ուսմունքին, թէ ուղեղին ձախ կիսագունդը աւելի կապ ունի տրամաբանութեան հետ, իսկ աջ կիսագունդը` ստեղծագործութեան, սակայն նման մօտեցում մը պիտի որակէինք չափազանցուած պարզաբանութիւն մը: Մինչ ընդհանրապէս ընդունուած ճշմարտութիւն է, թէ երաժշտութիւնը շատ աւելի գործի կը լծէ ուղեղին աջ կիսագունդը, քան` ձախ, անդին` իրականութիւնը այն է, թէ երաժշտութիւնը մեր ուղեղին գործընթացներէն կ՛անցնի այնպիսի լայն եւ ապակեդրոն անցքերով, որ դժուար է սահմանել յատուկ պատկեր մը, ուր ներկայ են դերակատար բոլոր մասերը:
ԱՒԵԼԻ ԽՈՐ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
Սակայն վերոնշեալ բացատրութիւնները կը վերաբերին պարզապէս երաժշտութիւն ունկնդրելու մեքենական երեւոյթներուն: Լաւ երաժշտութիւն մը կրնայ ստեղծել երկրորդական հակազդեցութիւններու յաճախ ընդոստ ալիք մը: Օրինակ մըն է երաժշտութեան հետ շարժելու մեր բնական հակամէտութիւնը. ո՛չ այնքան պարելով, որ շարժելու անկախ գործընթաց մըն է, այլ` պարզ շարժումներով, ինչպէս` ոտքին մատները գետնին զարնելով երգի մը հետ: Ասիկա արդիւնք է ուղեղին մէջ իմացական եւ զգացական հրահանգներու կեդրոնին ջղային բջիջներուն գրգռութեան:
Երաժշտութիւն ունկնդրելու հետաքրքրական մէկ այլ կողմնակի ազդեցութեան ենթակայ է ուղեղին յետսամասին մէջ գտնուող տեսողութեան պատասխանատու կեդրոնը, որ գործի կը լծուի, երբ երաժշտութիւն կը հնչէ: Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ կարգ մը երաժշտութիւններ կրնան հակազդեցութիւն մը ստեղծել ուղեղին այս մասին մէջ, երբ անձ մը կը փորձէ երեւակայել պատշաճ պատկերներ, որոնք կապ ունին իր ունկնդրած երաժշտութեան փոփոխութեան եւ ընթացքին հետ:
Երաժշտութիւնը շատ իմաստալից կը թուի մեզի, որովհետեւ խորապէս կապուած է յիշողութեան հետ: Ուղեղը այնքա՛ն ամբողջութեամբ դերակատար է երաժշտութիւն ունկնդրելու մէջ, որ երբ երաժշտութիւնը մաս կը կազմէ որեւէ վիճակի մը, զայն շատ յստակ կերպով կը յիշենք հետագային: Երգեր եւ երաժշտական կտորներ կրնան կատարել յիշողութեան հզօր խթանի դեր: Ի զուր չէ այն սովորամոլութիւնը, որուն համաձայն, իւրաքանչիւր ամոլ ունի իր երգը:
Նաեւ պէտք չէ մոռնալ երաժշտութեան լեզուական երեւոյթը: Անշուշտ բոլոր մեղեդիներուն բառեր չեն ընկերակցիր: Սակայն այն կտորները, որոնց հետ բառեր կը հնչեն, կ՛օգտագործեն ուղեղին այն կեդրոնները, որոնք կ՛առնչուին լեզուի հետ: Այս գլխաւոր երկու կեդրոններն են Վեռնիքի մասը եւ Պրոքայի մասը: Առաջինը կը գտնուի ուղեղին միջնամասին մէջ, իսկ երկրորդը` ուղեղին յառաջամասին: Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ Վեռնիքի մասը աւելի կենսական դեր ունի լեզուական հասկացողութեան մէջ, իսկ Պրոքայի մասը` լեզուական արտայայտութեան, թէեւ ներկայիս կը թուի, թէ այս երկուքը տեղ մը լրջօրէն կը հանդիպին իրարու: Ամէն պարագայի կարելի է զանոնք առնչել ուղեղին այն մասերուն հետ, որոնք դեր ունին երաժշտութեան հասկացողութեան մէջ:
ԵՆԹԱԿԱՅԱԿԱՆ ՁԱՅՆԵՐ
Ուրեմն ինչո՞ւ երաժշտութիւնը այսքան իմաստալից կը թուի մեզի: Դժուար է հաստատ պատասխան մը տալ, որովհետեւ երաժշտութիւնը գործի կը լծէ մեր ուղեղին մէջ մեծ թիւով մասեր, թէեւ այս իրողութիւնը ինքնին կրնայ օգնել` պատասխան մը գտնելու: Երաժշտութիւնը արտասովոր աստիճանի բարդ բան մըն է, նոյնիսկ` նախքան մեր ուղեղը մուտք գործելը: Օրինակ, երաժշտութեան ալիքը շատ աւելի կայուն պէտք է ըլլայ, քան` ձայնային այն ալիքները, զորս սովորաբար կը հնչեցնենք, այլապէս կը կորսուի մեր շրջապատի աղմուկին քաոսին մէջ, եւ մենք չենք լսեր զայն: Նոյնը կարելի է ըսել կշռոյթի, ձայնաստիճանի եւ երաժշտական այլ յատկանիշներու պարագային: Այս բոլորը պէտք է շատ բարդ մակարդակի մը վրայ գտնուին, որպէսզի միանալով` կազմեն բան մը, որ գէթ երաժշտութեան պէս հնչէ:
Կը թուի, թէ գոյութիւն չունի առարկայական որեւէ չափանիշ, որ մեզի ցոյց տայ, թէ ի՛նչ բան կարելի է «երաժշտութիւն» համարել, եւ ի՛նչ բան կարելի չէ երաժշտութիւն համարել: Ասիկա զարմանալի պիտի չթուի ոեւէ անձի, որ կարդացած է երաժշտական քննադատութիւն մը կամ արժեւորում մը: Սակայն կարեւոր է յիշել, թէ ուղեղը որքանո՛վ գործօն դերակատար է երաժշտութեան հետ մեր կապը ձեւաւորելու մէջ: Յիշողութիւնը ամէնէն աւելի բացայայտ ներգործութիւնը ունի այստեղ. օրինակ` աւելի հակամէտ ենք սիրելու ա՛յն երաժշտութիւնը, որ կը պարունակէ դրական կապակցութիւններ:
Նաեւ հաւանական է, որ անձի մը ուղեղին քիմիական յատուկ կազմուածքը իր ներգործութիւնը ունենայ անոր երաժշտական ընկալումին վրայ: Նկատի ունենալով, որ ուղեղին մէջ շատ մեծ թիւով մասեր գործի կը լծուին, երբ երաժշտութիւն կ՛ունկնդրենք, ապա այս շղթային մէջ նոյնիսկ արտասովոր մէկ օղակ կրնայ հիմնականօրէն շրջել անձի մը հակազդեցութիւնը: Նաեւ պէտք է նկատի ունենալ ամէնօրեայ կեանքի յատուկ բազմաթիւ այլ գործօններ. օրինակ, թէ` անձ մը որքա՛ն բան գիտէ երաժշտութեան մասին, թէ` արդեօք երաժշտական գործիք մը կը նուագէ՞, թէ` արդեօք բառեր կ՛ընկերակցի՞ն երաժշտական տուեալ կտորի մը, նոյնիսկ` արդեօք ձայնագրութի՞ւն մը կ՛ունկնդրէ, թէ՞ կենդանի կատարում մը: Այս բոլորը կրնան շատ ուժգին ձեւով շրջել ջղաբանական այն յատուկ հակազդեցութիւնը, զոր տարբեր անձեր կ՛ունենան երաժշտական նոյն կտորին նկատմամբ:
ՈՒՂԵՂԻՆ ՊԱՐՏԱԴՐԱԾ
ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Եթէ այս բոլորին մէջ գոյութիւն ունի անփոփոխ մէկ երեւոյթ, այդ ալ երգերուն հզօր կարողութիւնն է` զգացական հակազդեցութիւններ ստեղծելու: Իրօք, նոյնիսկ կը թուի, թէ ասիկա մեր ուղեղին գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է, երբ հարցը կը վերաբերի երաժշտութեան: Ուղեղի նկարներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ «ուրախ» երաժշտութիւնը կը գրգռէ ուղեղին վարձատրութեան կեդրոնները` խթանելով տոփամին քիմիական նիւթին արտադրութիւնը: Ասիկա քիմիական նոյն այն նիւթն է, որ կ՛արտադրուի, երբ կը սպառենք համադամ ուտելիքներ, կ՛ունենանք սեռային յարաբերութիւն կամ կը գործածենք թմրեցուցիչներ:
Աւելի՛ն. ուղեղը կը կառչի երաժշտութեան զգացական ներգործութիւնը հասկնալու իր կարողութեան, նոյնիսկ երբ զայն հասկնալու աւելի նուրբ գործընթացները կ՛անդամալուծուին: Օրինակ` ուսումնասիրութիւն մը կեդրոնացած է իր ուղեղին միջնամասին մէջ վնասուածքներ կրած կնոջ մը վրայ, որ իր այս կորուստին պատճառով անկարող էր զանազանելու երաժշտական տարբեր կտորներ եւ երաժշտական կառոյցներ: Ուսումնասիրողները եզրակացուցած են, թէ հակառակ իր կրած վնասուածքին, այս կինը տակաւին կարողութիւնը ունէր ըմբռնելու երաժշտական կտորի մը զգացական բովանդակութիւնը եւ զայն որակել «ուրախ» կամ «տխուր»:
Կը թուի, թէ այս գործընթացը եւս կը սկսի կանուխ տարիքէն: Պիկհամ Եանկ համալսարանին մէջ ուսումնասիրողներ ի յայտ բերած են ապացոյցներ, որոնց համաձայն, նոյնիսկ 5 ամսու նորածիններ կարողութիւնը ունին զանազանելու ուրախ երաժշտութիւն մը, իսկ 9 ամսու մանուկներ` նաեւ տխուր երաժշտութիւն մը: Համալսարանին երաժշտութեան մէկ դասախօսը` Սիւզըն Քենի, հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ մանուկներուն հակազդեցութիւնը.
«Ուրախ երգերը բոլորն ալ յօրինուած էին մէյճըր (մեծալար) բանալիով, կարճ շարահիւսութիւններով կամ բնախորհուրդներով (մոթիվ): Մեղեդիախառն եւ կշռութաւոր կտորներ աւելի արագ էին, քան` երաժշտական տխուր կտորները եւ յատկանշուած էին սլացող ընդհանուր ուղղութեամբ մը: Մանուկներուն ունկնդրած տխուր երգերէն 4-ը յօրինուած էին մայնըր (փոքրալար) բանալիով եւ բոլորն ալ ունէին աւելի դանդաղ մեղեդիախառն կշռոյթներ: Զարմանահրաշ երեւոյթ է, երբ նորածին մը կրնայ նկատել այս տարբերութիւնները»:
Իսկ երաժշտութեան նման ներգործութիւններ միայն կը շեշտուին տարիքի հետ: Այս մէկը սպասելի է` նկատի ունենալով, որ վերոնշեալ ուսումնասիրութեան մէջ նորածինները երաժշտութեան հակազդած են քիչ մը դարձնելով իրենց գլուխը: Իրականութեան մէջ կարելի է հոգեբանական հակազդեցութիւններ ապրիլ երաժշտութիւն ունկնդրելով. արագ կշռոյթով եւ մեծալար (մէյճըր) բանալիով ուրախ երաժշտութիւնը կ՛օգնէ, որ աւելի արագ շնչենք, մինչդեռ դանդաղ կշռոյթով եւ փոքրալար (մայնըր) բանալիով տխուր երաժշտութիւնը կրնայ դանդաղեցնել մեր զարկերակը եւ պատճառ դառնալ, որ մեր արեան ճնշումը բարձրանայ:
Անշուշտ նման հակազդեցութիւններու արմատը դարձեալ պէտք է փնտռել ուղեղին մէջ: Ասիկա պարզապէս այլ ցուցանիշ մըն է այն իրողութեան, թէ որքա՛ն հզօր եւ բազմակողմանի է երաժշտութեան հետ մեր կապը, եւ թէ` երաժշտութիւնը որքա՛ն կարողութիւնը ունի մեր ուղեղը շրջելու բացայայտ կամ այնքան նուրբ ու թաքուն ձեւերով, որ չենք հասկնար, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ:
ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍՆԵՐ ԿԷՍ ԿԸ ՁԳԵՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
«ՄԱՐԱ ՍԱՏ»Ի ՄԷԿ ՆՈՐ ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ «ՌՈՅԸԼ ՇԷՅՔՍՓԻՐ ԹԻԵԹԸՐ»Ի ՆՈՐ ԲԱՐԵԶԱՐԴՈՒԱԾ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ, ՍԱԿԱՅՆ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍՆԵՐ ԱԽՏԱԳԻՆ ԿԵՐՊՈՎ ԶԱՐՏՈՒՂԻ ԿԸ ՆԿԱՏԵՆ ԶԱՅՆ ԵՒ ԱՅՆՔԱ՛Ն Կ՛ԸՆԴՎԶԻՆ, ՈՐ ԿԸ ՄԵՐԺԵՆ ԴԻՏԵԼ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԻՆՔՆԻՆ ՈՒԺԳԻՆ ՏԵՍԱՐԱՆՆԵՐ ԵՒ ԲՆԱԲԱՆՆԵՐ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՂ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԱՅՍ ԿՏՈՐԻՆ ՆՈՐ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՏԵՂԾԱԾ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:
Հանդիսատեսներ կէս կը ձգեն «Ռոյըլ Շէյքսփիր քամփընի»ի «Մարա Սատ»ի ներկայացումները, որովհետեւ անոնք կը պարունակեն մերկութեան եւ ֆիզիքական տանջանքի տեսարաններ:
Անցեալ շաբաթավերջին թատերախաղին առաջին ներկայացումին առիթով 80 թատերասէրներ դադարի ժամանակ հեռացած են սրահէն:
«Ռոյըլ Շէյքսփիր քամփընի» կը յայտարարէ, թէ այս թիւը արտասովոր կերպով բարձր է: Սակայն թատերախումբին մէկ բանբերին համաձայն, կիրակի օր այլ ներկայացումի մը առիթով «միայն 4 կամ 5 հոգի հեռացած են»:
«Մարա Սատ»ի նիւթը տեղադրուած է ցաւագար խենթութենէ տառապողներու յատուկ հիւանդանոցի մը մէջ, ուր Մարքի տը Սատ կը բեմադրէ թատերախաղ մը` քաղաքական մտածող Ժան Փոլ Մարայի սպանութեան վերաբերեալ:
«Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթին մէջ թատերախաղին մասին քննադատական յօդուած մը զայն կը կոչէ «ամբողջութեամբ ախտագին կերպով զարտուղի»` նշելով, թէ անիկա տեւաբար մարտահրաւէր կ՛ուղղէ «միաժամանակ թատերական աւանդութիւններուն եւ հանդիսատեսներուն համբերութեան»:
Թատերախաղին ամէնէն ցնցիչ տեսարաններէն մէկը կը պատկերէ խմբային բռնաբարում մը: Այլ տեսարանի մը մէջ տիպար մը կ՛ենթարկուի ելեկտրական ցնցումներ պատճառող զէնքի մը հարուածներուն:
Ինքնին «Ռոյըլ Շէյքսփիր քամփընի»ի համացանցի սեփական կայքին մէջ հրապարակուած են հարցազրոյցներ հանդիսատեսներու հետ, որոնք բեմադրութիւնը կը նկարագրեն իբրեւ «խեղուած», «վրդովեցուցիչ» եւ «զգայացունց»:
Ուրիշներ կը յանձնարարեն դիտել թատերախաղը, որ յաճախ ներառուած է անգլիական գրականութեան կրթական ծրագիրներու մէջ: Անոնք կ՛ըսեն. «Պէտք է տեսնել թատերախաղը` հասկնալու համար զայն»:
Թատերախաղը ինքն իր մէջ կը պարունակէ այլ թատերախաղ մը, որ կը վերակենդանացնէ տեսարաններ ֆրանսական յեղափոխութենէն: Հեղինակը` շուէտացի թատերագիր Փիթըր Վայս անոր տուած է հետեւեալ վերնագիրը. «Մարա Սատ. Մարայի հետապնդումն ու ահաբեկումը, ինչպէս զայն կատարած են Շարենթոնի խենթանոցին արգելափակեալները` Մարքի տը Սատի բեմադրութեամբ»:
«Ռոյըլ Շէյքսփիր քամփընի» այս թատերախաղը առաջին անգամ ներկայացուցած էր 1964-ին, երբ թատերախումբը նոր կազմուած էր: Անոր մէջ դեր ստանձնած էին Կլենտա Ճեքսըն եւ Փաթրիք Մակի: Ներկայացումը փառաբանուած էր իբրեւ բրիտանական թատրոնին մէջ արմատական եւ յառաջապահական նոր ժամանակաշրջան մը բացող բեմադրութիւն մը, որ հետագային նաեւ փոխադրուած էր Պրոտուէյ եւ արժանացած` 4 «Թոնի» մրցանակներու:
Թատերախաղին նոր բեմադրութիւնը մաս կը կազմէ «Ռոյըլ Շէյքսփիր քամփընի»ի հիմնադրութեան 50-ամեակի ոգեկոչումներուն եւ կը ներկայացուի թատերախումբին 112 միլիոն փաունտի բարեզարդուած կեդրոնին մէջ:
Անթընի Նելսընի բեմադրած այս թատերախաղին մէջ դեր ստանձնած են Ճասփըր Պրիթըն` իբրեւ Սատ եւ Նիքըլըս Տէյ` իբրեւ խենթանոցին արգելափակեալներէն մէկը:
«Ռոյըլ Շէյքսփիր քամփընի»ի մէկ բանբերը «Պի. Պի. Սի.»ի մէկ հարցումին պատասխանելով հաստատած է, թէ իւրաքանչիւր ներկայացումի առիթով հանդիսատեսներ կէս ձգած են թատերախաղը, սակայն սրահէն հեռացողներուն թիւը 30 հոգի է իւրաքանչիւր գիշեր. այսինքն` շատ աւելի ցած, քան ինչ որ նշուած է թերթերու մէջ:
Բանբերը նաեւ նշած է, թէ թատերախումբը տոմսեր գնողներուն նախապէս տեղեակ պահած է ներկայացումին բացայայտ տեսարաններուն մասին:
«Ռոյըլ Շէյքսփիր քամփընի»ի տոմսերու վաճառքի պատասխանատուները հրապարակած են հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնը. «Անթընի Նելսըն նոր հայեցակէտով կը դիտէ թատրերգութիւնը եւ անոր բեմադրութիւնը կը պարունակէ սեռային բացայայտ տեսարաններ, որոնցմէ ոմանք պիտի ընդգրկեն կրօնական պատկերներ: Թատերախաղը յարմար չէ մանուկ հանդիսատեսներու»:
«Ներկայացումները չենք յանձնարարեր 16 տարեկանէն վար հանդիսատեսներուն»:
«Ռոյըլ Շէյքսփիր քամփընի»ի 50-ամեակին առիթով պատրաստուած պատկերագիրքին խմբագիրը` Ճենի Օ՛Հարէ կ՛ըսէ, թէ բեմադրիչը` «երբեք կանխօրօք չէ նպատակադրած վիրաւորել հանդիսատեսին զգացումները»:
«Անոր փիլիսոփայութիւնը առողջ է եւ կենդանի: Անիկա կ՛առնչուի մեր պատանիներուն բջիջային հեռաձայններուն մէջ թափանցող պոռնկագրութեան հետ: Անիկա ուրուականն է երբեւիցէ պատրաստուած իւրաքանչիւր պոռնկագրական ժապաւէնի: Անիկա առողջ է եւ կենդանի` մեր մշակոյթին մէջ»:
«Մենք որդեգրեցինք այս ուղղութիւնը` քաջ գիտնալով, որ երբ գիշերը պատահմամբ դարձնենք պատկերասփիւռի կայանները եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ կը ցուցադրուի հոն, ապա պիտի անդրադառնանք, թէ ինչ որ մենք կը ներկայացնենք, արդէն հասարակաց սեփականութիւնն է բոլորին»:
Օ՛Հարէի համաձայն, ոմանք կէս ձգած են թատերախաղը եւ հեռացած են սրահէն ո՛չ թէ սեռային եւ բրտութեան տեսարաններուն պատճառով, այլ` թատերախաղին քաղաքական պատգամին:
«Պէտք չէ մոռնալ, թէ տը Սատ նկարագրած է Սոդոմի 120 օրեր», կ՛աւելցնէ ան:
«Եթէ պարզապէս պատահաբար թատերախաղը դիտելու տոմս մը ձեռք ձգած էք, ապա թերեւս պիտի ցնցուիք: Այլապէս անիկա կը պատկերէ այն, ինչ որ կ՛ակնկալուի», կ՛աւելցնէ ան:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

