ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ

Եթէ կա՛ն կարմիր գիծեր` քաշուած մեր ճանապարհին, ապա առաջինը մշակոյթն է:

Զայն մէկդի դնող եւ «աւելի կարեւոր»ներու անցնողը չի նշմարեր իր դիմաց քաշուած անհեթեթութեան պատը:

Տուեալ հաւաքականութիւն մը ինքն իր համար ինչո՞ւ կռուի, ինքն իր հաւաքական դատը ինչո՞ւ փորձէ լուծել, ինքն իր ֆիզիքական մարմինը ինչո՞ւ փորձէ պաշտպանել իբրեւ հաւաքականութիւն, եթէ «ինք»ը, «իր»ը պղտորին, դառնան անիսկական, դառնան միայն լեզուի մակարդակի վրայ բառ, դերանուն, անուն կամ կոչում: Վասն ինչի՞ թող մնան հաւաքական կռիւ կամ պայքար, եթէ չտոկայ հաւաքականութիւնը` էապէ՛ս իբրեւ հաւաքականութիւն, այլ միայն` իբրեւ ժառանգուած հասկացողութիւն, սորվուած գաղափար, թէ` «մենք` մենք ենք, ունինք այսինչ անուն, ուրեմն` այնինչ նպատակ»:

Այդ հաւաքականութիւնը, թող կոչուի ազգ, ցեղ թէ պարզապէս խումբ, գիտակցաբար չէ՛, որ մէջտեղ եկաւ, ինքն իրեն հաւաքել կամ ինքզինքին անուն մը տալ չփորձեց, այլ եկաւ իբրեւ արդիւնք, եղաւ պտուղը բնական պայմաններու: Իր բոլոր անհատներու համատեղ շփումով, կենցաղային առուտուրով, ուստի համատեղ զարգացմամբ, եկաւ յանգելու մէկ ամբողջութեան, իւրայատո՛ւկ իր արժէքային համակարգով, իր սովորոյթներով, արուեստով, մտքերով, ի վերջոյ, ինչո՛ւ չէ մարդկային տեսակով: Այս բոլոր վերջին բառերը ուրիշ ի՞նչ վերնագրի տակ կարելի է դնել, եթէ ոչ` «մշակոյթ»: Հասարակաց իւրայատուկ մշակո՛յթն է, որ հաւաքականութիւնը վերածեց հաւաքականութեան, ազգը` ազգի: Եթէ այդ նոյն մշակոյթը վերանայ, կը մնայ անհատներու խումբ մը պարզապէս, կը մնա՞յ ազգ:

Այս իսկ տրամաբանութեամբ է, որ մշակոյթը երկրորդ, երրորդ կամ աւելի ցած աստիճանի ձգելը խղճալի սխալ մըն է, որովհետեւ անկէ առաջ եւ մանաւանդ առանց անոր եկող որեւէ ազգային պայքար անհորիզոն է, անիրական եւ անիմաստ, եթէ ոչ նոյնիսկ կարգ մը պարագաներու եւ ձեւերու մէջ ի վերջոյ մարդկութեան համար` վնասաբեր: Կռուիս դուն քեզի համար, երբ դուն էութիւն ու նկարագիր չունիս, երբ «դուն»ին տակ հիմք չկայ… Ամէն պարագայի երկար չես դիմանար:

Այս իսկ տրամաբանութեամբ է, որ բոլորս, եթէ Լաւ-ին ցանկութիւնը ունինք, պէտք է վերանայինք մենք մեզ, մեր սկզբունքները եւ գործունէութիւն, ու նկատենք, թէ շատ աւելի առաջնահերթութիւն պէտք է տանք մշակութային պահպանման, եւ մանաւա՛նդ` մշակութային յառաջդիմութեան, քան որքան կու տանք այս օրերուս:

Արդարեւ, ոչ միայն պէտք է պահպանել հինէն եկած լաւն ու արժէքաւորը, այլեւ պէտք է աւելցնել անոր վրայ` ապագային մէջ ըլլալու եւ իրապէս օգտաշատ դառնալու համար:

Ուստի առաւելագոյն համեստութեամբ կ՛ուզեմ անցնիլ քանի մը գործնական առաջարկներու:

Նախ` անհատական գետնի վրայ: Ամէնքը պէտք է յանձն առնեն երկու պարտականութիւն, եթէ կ՛ուզեն լաւ ու բարի պայքարի մէջ մտնել: Առաջինն ու նուազագոյնը` դառնալ ետ, անցեալին, քաղել հոնկէ եկած մշակութային գեղեցկութիւնները, պահել զանոնք. երկրորդ եւ անհատին կարելիութեան սահմաններուն մէջ` հարստանալով իր հաւաքականութեան-ազգին ու նաեւ ուրիշի՛ն գեղեցիկ անցեալի արժէքներով, թափ տալ անհատական նո՛ր ստեղծագործութեան, որ պիտի գումարուի իրեն նման միւսներուն աշխատանքին, շաղուի անոնց հետ ու վերածուի ապագայ մշակոյթի:

Անոնք, որոնք բոլորովին հեռու են մշակոյթի գաղափարէն, լաւ կ՛ըլլայ, որ մօտենան ու ծանօթանան անոր, իսկ անոնք, որոնք ունին մօտիկութիւն մը, բայց միայն առ ի պարտականութիւն` ուրիշ աւելի «բարձր» սկզբունքներու հանդէպ, լաւ կ՛ըլլայ, որ վերանային իրենց սկզբունքներու բուրգին. ո՞ր սկզբունքը պէտք է զետեղուի գագաթին:

Երկրորդ առաջարկ` կազմակերպչական գետնի վրայ: Այս մասը կ՛արժէ իր կարգին բաժնել երկուքի:

Մէկ` դպրոցներու մէջ աշակերտներուն փոքր տարիքէն սկսեալ փոխանցել ազգային մշակութային արժէքները` ըլլա՛յ դասաւանդումով, թէ այլ միջոցներով: Կ՛արժէ հոս անդրադառնալ հայոց պատմութեան մանրամասն ուսուցման, որուն մէջ կայ ահաւոր կեդրոնացում տեղեկութիւններու վրայ, շա՛տ աւելի` քան արժէքներու: Ապա կ՛արժէ տուեալ առաջարկը ժամանակի սղութեան պատճառաբանութեամբ մերժողներուն առաջարկել պատմութեան ուսուցումը իջեցնել նուազագոյն պէտքին, ու աշակերտին ոչ մէկ իսկական օգուտ բերող յաւելեալ տեղեկութիւնները փոխանակել առաջարկուածով:

Երկու` մշակութային մեր հաստատութիւններու կողմէ եւ հովանաւորութեամբ ստեղծուած ու գործող արուեստի խումբերուն ու դպրոցներուն կողքին ստեղծել յատուկ յանձնախումբ, որուն գործը ըլլալու է արուեստագէտներու առիթ, դիւրութիւն եւ գործելադաշտ հայթայթել: Այս յանձնախումբը կրնայ յառաջացուիլ նոյն մշակութային հաստատութիւններուն կողմէ:

Արդարեւ, պէտք է ընդունիլ, որ մշակոյթի մէջ հսկայական դեր ունի արուեստը, իսկ արուեստի մէջ` անհատը: Կը բաւէ մէջտեղ բերել միայն խումբ մը իսկական անհատ արուեստագէտներ, եւ անոնք բնականաբար, թէկուզ անգիտակցաբար, պիտի ծառայեն մշակոյթին, ոչ իբրեւ կազմակերպիչ կամ գործիչ, այլ` պարզապէս ընելով իրենց գործը: Անոնց գործերը նոյն յանձնախումբերուն օգնութեամբ պիտի տարածուին, հասնին կարելի եղածին չափ շատ հայերու, սկսին դառնալ անոնց կեանքէն մաս մը, եւ մէկզմէկու միջեւ կապը` երկար վազքի վրայ զարգացնելու համար հաւաքական մշակոյթ, գեղեցկութիւն ստեղծելու կողքին: Ասոնց համար անշուշտ չեն բաւեր մեր նախակրթական մակարդակի արուեստի խումբերը կամ դպրոցները: Հոնկէ դուրս եկողները, եւ նաեւ ու անպայման` այլ շրջանակներէ դուրս եկող արուեստագէտ տարրերը, պէտք է փորձել բարձրացնել ու անոնց ձայնը լսելի դարձնել հնարաւոր բոլոր միջոցներով: Անպայմանօրէն արուեստագէտներէ՛ կազմուած յանձնախումբ պէտք է ստեղծել, որ նախ պիտի փնտռէ ամէ՛ն տեղ, գտնէ (եւ պիտի՛ գտնէ, փաստը` մեր ժողովուրդին ծնած բազմաթիւ արուեստագէտները) ու հոգայ մեր ներկայ ու ապագայ արուեստագէտները, մշակոյթի իսկական մարդիկը: Կ՛արժէ յիշեցնել, թէ արուեստի մեծ տիտանները միշտ ալ յայտնուած են, երբ արուեստի միջավայր ստեղծուած ու զարգացած է:

Կրնայ ըլլալ, որ մշակոյթի մասին խօսիլը տարօրինակ կը թուի շատերու, երկրորդական եւ նոյնիսկ անտեղի` ուրիշներու, կամ «Զաւարեանական Էջ»ի մէջ գրուելու հիմնական նիւթ չեղող: Դժբախտաբար: Բայց ասիկա այն նիւթն է եւ հարցը, որուն մասին կ՛արժէ խօսիլ եւ պիտի արժէ գրել մինչեւ հարցի լուծում:

Որովհետեւ մշակոյթը նախապայման է:

Մշակոյթը մեր առաջնահերթ, ամէն ինչի իսկապէ՛ս արժանի միակ կալուածն է, այն կարմիր գիծը, որ կարելի չէ անցնիլ:

Մշակոյթը այն միակն է, որ զիջելու պարագային, այլեւս «Մենք»ով խօսիլը պիտի դառնայ գրեթէ անիմաստ, իսկ իբրեւ հաւաքականութիւն մեր գոյութիւնը` անբարեբեր:

Հ. Փ.

 

«ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ Է, ՈՐ ԾԱՌԸ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԻՐ
ՍԱՂԱՐԹՈՎ ԱՌՈՂՋ ԸԼԼԱՅ, ԱՅԼԵՒ` ԻՐ
ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԽՆԱՄՔՈՎ»

«ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ ԷՋ»ԻՆ ԸՍԱՒ
ԳԱՐԵԳԻՆ ՉՈՒԳԱՍԸԶԵԱՆ

«Զաւարեանական Էջ»ը հարցազրոյց մը ունեցաւ վերջերս Լիբանան այցելած, հայազգի մտաւորական եւ հասարակական գործիչ, «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ եւ կրթութիւն» հայրենի ընկերութեան տնօրէն Գարեգին Չուգասըզեանի հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը:

Հ.- Կը խնդրեմ` ներկայացուցէք ձեր տնօրինած ընկերութիւնը:

Պ.- «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ եւ  կրթութիւն» ընկերութիւնը ստեղծուած է 1998 թուականին: Անոր նպատակն է ստեղծել կարելիութիւններ, որպէսզի տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը տարածուի մշակոյթի եւ կրթութեան ասպարէզին մէջ: Մենք ստեղծած ենք բազմաթիւ նախագիծեր, որոնցմէ յիշատակութեան արժանի են «Արամ Խաչատրեանի կեանքն ու գործը» եւ Մեծ եղեռնի նուիրուած նախագիծերը, որոնք ՄԱԿ-ի «Ուորլտ սամիթ ըուորտ» մրցանակաբաշխութեան 20 հազար նախագիծերու մէջէն ստացան յաջորդաբար գլխաւոր եւ յատուկ մրցանակները: Ունինք նաեւ այլ նախագիծեր, ինչպէս` Կոմիտաս վարդապետի, Պարոյր Սեւակի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի 1600-ամեակին նուիրուած, եւ այլ` աւելի փոքր գործեր: Նախագիծերը կը պարունակեն տուեալ նիւթին վերաբերեալ ձայնային ու գրաւոր տեղեկութիւններ, տեսերիզներ, ինչպէս նաեւ` նկարներ: Անոնց միջոցով կարելի է լաւապէս ծանօթանալ նիւթին` արհեստագիտական նորագոյն միջոցներով:

Հ.- Ի՞նչ ունիք ըսելիք ընդհանրապէս մշակոյթի եւ ազգի մը համար անոր ներկայացուցած կարեւորութեան մասին:

Պ.- Ընդհանրապէս մշակոյթի մասին խօսելով` պէտք է նկատի ունենալ երկու բաղկացուցիչ. մէկը մշակութային ժառանգութիւնն է, միւսը` մշակութային ստեղծագործականութիւնը: Ժառանգութիւնը այն արմատներն են, որով տուեալ ժողովուրդը կը սնանի անցեալէն: Մշակութային ժառանգութեան ընկալումը սերունդէ սերունդ կը փոխուի, սակայն շատ կարեւոր է, որ ծառը ոչ միայն իր սաղարթով առողջ ըլլայ, այլեւ` իր արմատներուն նկատմամբ խնամքով: Եթէ արմատները կը խնամուին այնպէս, ինչպէս սաղարթը, ուրեմն ծառը առողջ կը մնայ: Միւս կողմէ, պէտք է նկատի առնել, որ անցեալով չի սահմանափակուիր մշակոյթը, նոր սերունդը իրեն հետ կը բերէ նոր ստեղծագործականութիւն, որ իր կարգին պիտի դառնայ ժառանգականութեան շարունակողը: Երբ կը խօսինք մշակոյթի նոր փուլի մասին, բնականաբար այսօրուան նոր արհեստագիտութիւնը կը փոխէ մեր մօտեցումը անոր նկատմամբ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս հինգերորդ դարու արհեստագիտութիւնը փոխեց պատկերացումները: Գիրքը, որ շատ առումներով արհեստագիտութիւն էր այդ ժամանակ, դարձաւ մշակոյթ, եւ մենք գիտենք, թէ անոր որքա՛ն տեղ կու տանք` խօսելով մեր մշակոյթի մասին: Այսօր նոյնպէս ժամանակակից արհեստագիտութիւնը թեկնածու է ապագայ մշակոյթ դառնալու: Ան կրնայ դառնալ (կամ չդառնալ) մեր ապագայ մշակոյթի մաս:

Հ.- Ի՞նչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ մերօրեայ նոր արհեստագիտութիւնը մշակոյթներու վրայ:

Պ.- Շնորհիւ նոր արհեստագիտութեան սրընթաց զարգացումին` այսօր կայ համաշխարհային ճգնաժամ: Սակայն այդ մէկը փակուղի՞ է, թէ՞ հնարաւորութիւն: Այս մէկը կախեալ է մեր կամքէն, մեր գործունէութենէն: Նախ պէտք է արձանագրենք ճգնաժամը եւ որակական փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը, որ շատ նման է թրթուրէն թիթեռի յառաջացման փոխաբերութեանը: Այսինքն ստեղծուելիք նոր մշակոյթը շատ առումներով տարբեր պիտի ըլլայ մեր իմացած նախորդ փուլէն, բայց ան ալ իր կարգին շատ տարբեր էր միջնադարեան մշակոյթէն: Երբ Կոմիտասը եկաւ, մեր երաժշտական մշակոյթը շատ առումներով միջնադարեան էր. իրմէ առաջ կային երաժշտահաններ, որոնք կը ստեղծէին սիմֆոնիք երաժշտութիւն, բայց աւելի թեքում ունէին վերցնելու եւրոպականը եւ յարմարեցնելու հայկականին: Կոմիտասն էր, որ կրցաւ ձուլել մեր արմատային երաժշտական աւանդոյթը ժամանակակից եւրոպական հնչեղութեան հետ: Այսպիսով, ինք ըլլալով շատ յառաջադէմ, միաժամանակ շատ աւանդական էր, չկար հակասութիւն, այլեւ ներդաշնակութիւն` այդ երկուքին միջեւ: Այդ իմաստով մենք կը մտնենք դարաշրջան մը, ուր ամէն ինչ վերաթարմացման եռամտածման կարիք պիտի ունենայ: Յատկապէս քսաներորդ դարու երկրորդ կիսու հայկական մշակոյթը, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ,  կը կրկնէր համաշխարհային քաղաքականութիւնը, այսինքն կը յենէր պատկերասփիւռին վրայ, որ կը թելադրէր զանգուածային մշակոյթի տեսակներ. արուեստի բարձրագոյն արտայայտիչները հետզհետէ կը դառնային աւելի երկրորդական, իսկ զանգուածային մշակոյթը` տիրապետող: Մինչեւ այսօր տակաւին այդ է վիճակը, սակայն շնորհիւ համացանցային նոր արհեստագիտութեան` անհատական կամ փոքր դրամագլուխ ունեցող արուեստի արտադրութիւնները եւ գիրքերը սկսած են վերստին գլուխ բարձրացնել իշխող համակարգի արտադրութիւններուն դէմ եւ կը յաջողին արդէն որոշ չափով իրենք  զիրենք վերստին պարտադրել, ճիշդ այնպէս, ինչպէս քաղաքական-հասարակական գործունէութիւն ունեցող փոքր խումբեր կը յաջողին իրենց ձայնը լսելի դարձնել, մինչեւ իսկ` յեղափոխութիւն յառաջացնել, օգտուելով նոյն արհեստագիտութեան ընծայած կարելիութիւններէն:

Հ.- Այս գծով ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիք հայ մշակոյթի մօտիկ ապագային վերաբերեալ:

Պ.- Ի հարկէ յուսահատներ շատ կան, որոնց կը թուի, թէ այս հայ ժողովուրդի, հայ մշակոյթի պատմութեան վերջին շրջանն է, բայց ես այդպէս չեմ: Կը կարծեմ, թէ ինչպէս մեր ժողովուրդը անցեալին յաջողած է նորանալ, այս անգամ ալ իր մէջ ուժ կը գտնէ նորովի հաստատուելու այս ստեղծուող աշխարհին մէջ:

Հ.- Վերջապէս, ի՞նչ դեր պէտք է վերցնեն երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը:

Պ.- Առաջին հերթին երիտասարդութիւնը կը տեսնեմ այս գործին մէջ, որովհետեւ ան է, որ բնական ձեւով տիրացած է այս նոր արհեստագիտութեան. վերջինս իր ամէնօրեայ կեանքին մաս կը կազմէ: Ներկայիս մշակոյթը շատ աւելի մասնակցային է, քան նախապէս. նախապէս միայն որոշ ընտրանիի մը կը վերապահուէր մշակութային գործունէութիւն մը, եւ ան էր, որ իրաւունք ունէր մշակութային գործիչ անուանուելու: Հիմա շատ աւելի մարդիկ կրնան իրենց ամէնօրեայ ներդրումը ունենալ մշակոյթի մէջ, օրինակ Ուիքիփետիայի պէս հանրագիտարանները կամաւորներու գործեր են, մասնաւորաբար` երիտասարդներու: Այդ տիպի գործեր պիտի բազմանան: Ի հարկէ երիտասարդութիւնը պէտք է գիտակցի, որ հայ ազգը հիմա այլ ազգերու եւ մշակոյթներու նման մարտահրաւէրի առջեւ կանգնած է. անոնցմէ ոմանք կրնան թերեւս դուրս մնալ պատմական մրցավազքէն, ուրիշներ կրնան` հասկնալով այս նոր իրականութիւնները, մանաւանդ` նոր հաղորդամիջոցներու կարեւորութիւնը ազգային թարմացման եւ պահպանման համար, գործի լծուիլ եւ ապահովել մեր մշակոյթին գոյատեւումն ու յառաջխաղացքը:

 

ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄ

Մշակոյթը եւ համաշխարհայնացումը տրամագծօրէն իրարու հակառակ եւ իրարու հակադրուող երկու տարբեր հասկացողութիւններ են:

Ժամանակակից ազգային հաւաքականութիւններու մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մէկն է ինքնութեան փնտռտուքն ու հաստատումը. այդ իմաստով երկրագունդի «փոքր» կոչուած եւ մասնաւորաբար «անհայրենիք» ազգութիւններու գոյատեւման ու ինքնութեան սպառնացող ամէնէն ներգործօն եւ ազդեցիկ գործօններէն մէկը կը նկատուի համաշխարհայնացումը, որ  ազգային պատկանելիութեան իւրայատկութիւնները չէզոքացնող անհակակշռելի գործօն մըն է` ճիշդ ու ճիշդ մշակոյթի հակառակ դիրքերուն վրայ գտնուող:

Այս երեւոյթը նոր չէ. ան պատմութեան ընթացքին տարբեր անուններով միշտ ալ դամոկլեան սուրի նման կախուած է ինքնութիւններու գլուխներուն վերեւ. մեր օրերուն ան արեւմտեան (եւրոպական) եւ յատկապէս ամերիկեան տարազ հագած է: Մենք, դժբախտաբար, մեր օտարամոլութեան իբրեւ բնական հետեւանք, «ինչ որ օտար է, մերինէն աւելի լաւ է» ըսելով` կ՛իւրացնենք անոնց գաղափարներն ու սկզբունքները եւ կը կապկենք անոնց կենցաղն ու սովորոյթները` առանց անդրադառնալու եւ գիտակցելու, որ այդ ձեւով մենք զմեզ եւ մեր նորահաս սերունդները  ինքնաչէզոքացման եւ ստոյգ անձնասպանութեան կը մղենք ու կը  դատապարտենք:

Այս օտարամուտ (եւրոպական-ամերիկեան) ազդակները իրենց արտաքին միամիտ եւ հրապուրիչ տեսքին տակ` ազգակործան հզօրագոյն եւ քանդիչ պատուհասներ են, զորս մենք մեր չգիտութեամբ եւ յաճախ ալ տգիտութեամբ մեր ձեռքերն ու հոգիները լայն բացած` մեր սեփական յարկերէն ներս կ՛ընդունինք` առանց նուազագոյն հեռատեսութեան…

Այդ իմաստով, մեր նորահաս սերունդներու հաճոյասիրութիւնն ու մակերեսայնութիւնը, անոնց գաղափարախօսական գիտակցութեան ու դաստիարակութեան պակասն ու չգոյութիւնը եւ մասնաւորաբար մեր իբր թէ «իրատես եւ գործնապաշտ ծնողներ»ուն վերաբերումը գլխաւոր ազդակներ են. եւ այդ պատճառով է, որ համաշխարհայնացում կոչուած մերօրեայ ամենակուլ հրէշը իր այս նորագոյն քաղաքականութիւնը հեշտութեամբ եւ անարգել ձեւով կը տարածէ արհեստագիտութեան զարգացման եւ ազգային մշակոյթներու չէզոքացման ճամբով:

Այս նորագոյն հիւանդութեան հակաթոյնը եւ անխորտակելի վահանը ազգային մշակոյթն է իր զանազան մարզերով ու բնագաւառներով, ինչպէս` մայրենի լեզու, ազգային պատմութիւն, ազգային եկեղեցի, հայ մատենագրութիւն եւ գրականութիւն, հայկական ճարտարապետութիւն, հայ երաժշտութիւն եւ այլն, որոնք հայ ժողովուրդը կ՛օժտեն ազգային իւրայատուկ լեզուամտածողութեամբ եւ անոր կը հաղորդեն իր ինքնատիպ դէմքն ու դիմագիծը. եւ այդ գնով է առաւելաբար, որ հայ ժողովուրդը ինքզինք կը հաստատէ համաշխարհային այս խայտաբղէտ ընկերութեան մէջ: Հայրենիք չունեցող կամ իրենց պետականութիւնը կորսնցուցած ժողովուրդներ կրնան մօտաւոր կամ հեռաւոր ապագային անյայտանալ ու կորսուիլ պատմութեան էջերէն ու մարդկութեան յիշողութենէն. մինչ մշակութատէր ժողովուրդները կը գոյատեւեն, այնքան ատեն որ կը յաջողին պահել ու պահպանել իրենց այդ անգնահատելի եւ անփոխարինելի հարստութիւնն ու աննիւթական կռուանները: Իսկ մեզի` սփիւռքահայերուս համար յատկապէս, անկարելի է գոյատեւել առանց հայ մշակոյթին:

Դժբախտաբար այս բացայայտ իրողութեան իրազեկ չեղող եւ իրենք-զիրենք «իրատես ու իրապաշտ» պիտակող ծնողները անտեղի եւ ժամանակավրէպ կը սեպեն հայագիտական այդ դասանիւթերուն (մայրենի լեզու, հայոց պատմութիւն, հայ գրականութիւն եւ այլն) ուսուցումը հայ վարժարաններու մէջ` իրենց այդ անգիտակից վերաբերումով առատ ջուր հոսեցնելով համաշխարհայնացումի եւ մեր դարաւոր թշնամիներու ջաղացքին:

Այս իմաստով շատ աւելի դատապարտելի են մասնաւորաբար մեր կրթական այն հաստատութիւնները, որոնք, հակառակ հրապարակ նետած իրենց կարգախօսներուն, նուազագոյնի իջեցուցած են հայագիտական նիւթերու դասապահերը` ակադեմական-պետական ծրագիրները եւ ժամանակի սղութիւնը պատրուակելով:

Սփիւռքեան պայմաններու մէջ, մասնաւորաբար, ազգային ոճիրի համազօր է նման անպատասխանատու վերաբերում` մեր նորահաս սերունդներու եւ հայ սփիւռքի ապագայի հաշուոյն…

ՆԱՐՕՏ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

 

 


Share this Article
CATEGORIES