ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՍՐՏԲԱՑ ԶՐՈՅՑ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Դպրոցներու ընդհանուր վերամուտի մասին կը խօսին լրատուամիջոցները, կան վիճակագրութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ: Ընդհանուր պատկերին մէջ կան նաեւ հայ դպրոցները, անոնք ալ մաս կը կազմեն տուեալ երկրի համակարգին: Հայ դպրոցը մաս կը կազմէ մասնաւոր վարժարաններու խումբին: Անոնք գոյութիւն ունին հայ ժողովուրդի զաւակներու ցանկութեամբ եւ նպատակաուղղուած են:
Հայ դպրոցը տարբեր է նոյն երկրի ե՛ւ պետական ե՛ւ մասնաւոր վարժարաններէն:
Ան արտայայտութիւնն է կամքի մը, տեսիլքի մը, որ ընդհանրապէս դպրոցը կը դարձնէ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ: Այս սրտբաց զրոյցի ընթացքին հարկ է նախ խօսիլ այդ տեսիլքին մասին, որ կը բնորոշուի յատուկ բովանդակութեամբ, որ պատասխանն է պարզ հարցումի մը. ինչո՞ւ հայ դպրոց ունենալ: Պատասխանը կը բերէ նպատակ եւ բովանդակութիւն:
Հայ մարդուն, այս պարագային հայ ծնողքին գիտակից յանձնառութեամբ կեանք կ’ունենայ Հայ Դպրոցը: Այդ յանձնառութիւնը, առանց ամպագորգոռ ճառի, արձագանգն է տեսիլքին: Երբեք բաւարար չափով չենք կրկներ, որ հայ դպրոցին վէմը հայ ծնողն է ամէն բանէ առաջ: Եթէ հայ ծնողները չունին այդ տեսիլքը, եթէ այդ չէ փոխանցուած իրենց, հայ դպրոց գոյութիւն չ’ունենար, նոյնիսկ երբ շէնքը կայ:
Բայց հայ ծնողներուն փոխանցուա՞ծ է ազգային գաղափարախօսութիւն, որպէսզի ընդունած ըլլան տոկալու եւ տեւելու գիտակցութիւնը:
Ա.- ՏԵՍԻԼՔ` ԵՐԲ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ ԼՌԵՑՈՒՑԱԾ Չ’ԸԼԼԱՐ ՀԱՅԸ
Եթէ հայը մտածէ եւ գործէ իր բնակած երկրի որպէս սոսկ քաղաքացի, ո՛չ ամէնօրեայ, ո՛չ միօրեայ դպրոցի ստեղծումով պիտի մտահոգուի եւ ո՛չ ալ զայն պահելու հոգը պիտի ստանձնէ: Առանց ջայլամ ըլլալու եւ մեր գլուխը աւազին մէջ թաղելով իրականութիւնը չտեսնելու` գիտենք, որ ստուար մեծամասնութիւն մը կայ, որ ո՛չ դպրոցով կը մտահոգուի եւ ո՛չ ալ զայն պահելու մտահոգութեամբ կ’ապրի:
Քաղաքացի ըլլալով հանդերձ, այլ պարտքի մը տուրք կու տայ հայը` ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ ստեղծելով եւ պահելով: Այս ձեւով ինք կը վկայէ հաւատարմութեան մը մասին. քաղաքացին բոլորովին լռեցուցած չ’ըլլար հայը, որ կ’ուզէ, քաղաքացիի իր միջավայրին մէջ, տարբերութեամբ մը ապրիլ: Ըլլալ շարունակութիւն: Այս շարունակութիւն ըլլալու ցանկութիւնը տարբերութեան գիտակցութիւն է, որ այլեւս ինքնաբերաբար չի ծնիր եւ հարկ է զայն սրսկել:
Այս տարբերութիւնը արմատներու հաւատարմութեան մը գիտակցութիւն է` առաւել կամ նուազ դրսեւորուող, առաւել կամ նուազ շեշտուած:
Հայ դպրոց ստեղծողները եւ պահողները գիտակցուած հաւատարմութիւնը կ’ապրին որպէս ազգային գաղափարախօսութիւն եւ կը վերածեն գործի` ընդդէմ հետզհետէ աւելի օտարման ենթակայ միջավայրերու մէջ: Ազգային գոյութիւնը հարազատութեամբ հիմնաւորելու ձգտում մը, քանի որ ընդունուած իրողութիւն է, որ լեզուով, մշակոյթով եւ պատմութեամբ կը կազմուի ազգի անդամի նկարագիրը, ինքնութիւնը:
Գաղութարարութեան պատմութիւնը կ’ուսուցանէ, որ գրաւման ենթակայ երկիրներուն մէջ տիրակալ ուժերու առաջին գործը կ’ըլլար դպրոցներ հիմնել` սորվեցնելու համար իրենց լեզուն եւ պատմութիւնը, իրենց մշակոյթի աւազանին մէջ լուալու համար նոր սերունդներու տարբերութիւնը: Մարոքցին, ալճերիացին, նաեւ լիբանանցին, սուրիացին իրենց երկիրներու ֆրանսական դպրոցներուն մէջ յետին մանրամասնութիւններով կը սորվէին Ֆրանսայի աշխարհագրութիւնը եւ պատմութիւնը, գրականութիւնը: Նոյնը կ’ընէին անգլիացիները, սպանացիները, փորթուգալցիները, ամերիկացիները եւ միւսները:
Հայը գաղութարար չէ իր բնակած երկիրներուն մէջ: Ստիպուած է պատշաճիլ` բնական կեանք մը ունենալու համար: Այդպէս էր նոյնիսկ Խորհրդային Հայաստանի մէջ, ուր ընդունած էր պատշաճիլ համախորհրդային հրամայականներու` առաջին հերթին սորվելով ռուս մեծ լեզուն, ինչպէս այդ կը կրկնուէր Լենինէն մինչեւ Պրեժնեւ: Այս երեւոյթին մասին բազմիցս արտայայտուած եմ տարբեր առիթներով: Այնքան լաւ կը սորվէր այդ լեզուն, որ անոր բառերը եւ շարահիւսական ձեւերը կը փոխադրէր հայերէնի մէջ:
Ոչ ոք դէմ կրնայ ըլլալ, սփիւռքեան պայմաններու մէջ, պատշաճելու բնական ընթացքին, որպէսզի հայ անհատը յաջողի, անկախութիւն ձեռք բերէ, բարօրութիւն նուաճէ, չըլլայ երկրորդ դասու քաղաքացի:
ՀԱՅ ԴՊՐՈՑը այն հրաշագործ վայրը կ’ըլլայ, պէտք է ըլլայ, ուր պիտի ստեղծուին պայմանները, որպէսզի քաղաքացին չճզմէ հայը, զայն չդարձնէ ծագումով հայ, որուն համար կը հնարուին մխիթարական անուանումներ. զգացումով հայ, հայասէր, այսքան կամ այնքան տոկոսով հայ: Ան նաեւ գիտակից հայ ծնողքին համար էական նշանակութիւն ունի, քանի որ իր զաւակը հաւատարմօրէն իր շարունակութիւնը կ’ըլլայ, ոչ միայն որպէս ծինային շարունակութիւն, այլ` որպէս ինքնութիւն, որ կը կերտուի լայն առումով սեփական մշակոյթով: Այսինքն հայը կը մնայ հայ… իր ուրոյն դիմագիծով:
Բ.- ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋ
Անցեալին բնական էր հայ դպրոցը, գէթ կարգ մը աշխարհագրական գօտիներու մէջ, մասնաւորաբար` միջինարեւելեան:
Ներ%

