ՄԵՆՔ ԵՆՔ` ՄԵՐ ՑԱՒԵՐԸ. «ԳԼՈՒԽ ՇԱՐԺՈՂ»ՆԵՐԸ…
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Այս վերնագիրը կրնայ շատերուն տարօրինակ կամ արտառոց թուիլ, մանաւանդ որ ո՞վ գլուխ չի շարժեր (չի ծռեր), կամ` որո՞ւ գլուխը չի շարժիր (չի ծռիր):
Սակայն այս «գլուխ շարժիլ»ը կամ «գլուխ շարժող»ները ուրիշ դասակարգի կը պատկանին եւ բոլորովին այլ պարագաներու գլուխնին կը շարժեն: Ո՞ւր եւ ե՞րբ, հարց տուողներ պիտի ըլլան:
Շա՜տ պարզ:
Ժողովասրահներու, հաւաքատեղիներու, դահլիճներու եւ առհասարակ ելոյթներու, դասախօսութիւններու, բանախօսութիւններու կամ ճառախօսութիւններու եւ կամ գիտաժողովներու, համագումարներու, խորհրդաժողովներու ու սեմինարներու առիթներով տեղի կ՛ունենան այս գլխաշարժումները:
Երբեմն` անգիտակցաբար, երբեմն` գիտակցաբար, երբեմն` ցուցադրաբար, երբեմն` շողոքորթաբար:
Եթէ չէք անդրադարձած կամ նկատած այս բնական-անբնական երեւոյթը, զարմանալի կամ քննադատելի չէ, բայց ասկէ ետք, եթէ ներկայ գտնուիք նման հաւաքներու, ուշադրութիւն դարձուցէք ունկնդիրներու… գլուխներուն:
Գլուխներուն մեծ մասը կը շարժի. «Այո՛», «Համաձայն եմ», «Կը բաժնեմ», «Կը գնահատեմ» եւ այլ արտայայտութիւններով, սակայն մէկ տարբերութեամբ, որ ոմանք (չըսելու համար մեծ մասը) առանց հասկնալու եւ ըմբռնելու կը շարժեն իրենց գլուխները եւ իրենց «խնդակցութիւն»ը կը յայտնեն, մինչ ահաւորը այն է, երբ մարդիկ ցուցադրաբար եւ շողոքորթաբար կը շարժեն` բեմէն (կամ ամպիոնէն) խօսք առնողներուն ցոյց տալու իրենց համախոհութիւնը, համաձայնութիւնը կամ հաւանութիւնը (մի՜շտ դրական):
Ասոնք կը բաժնուին երկու մասի.
Առաջինը զարգացած, գիտակ, իրազեկ ու բանիմաց հատուածն է, որ տուեալ նիւթին ծանօթ ըլլալով, կարծիք ու տեսակէտ ունենալով` խօսք առնողին հետ կը կիսէ միտքերը եւ արծարծուած հարցերը, բայց կը յաւակնի ՀԱՃՈՅԱՆԱԼՈՒ անոր առջեւ, մանաւանդ երբ դիմացինը հեղինակաւոր դէմք մըն է:
Երկրորդը պատեհապաշտ, կեղծաւոր, քծնող ու հաշուենկատ հատուածն է, որ շատ հաւանաբար ծանօթ չէ բանախօսութեան էութեան, հետաքրքրուած ալ կրնայ չըլլալ, բայց, վիզը այնպիսի ձգութեամբ վեր կը սլացնէ, որ խօսք առնողը նկատէ զինք, իսկ շուրջը նստողներն ալ համոզուին իր գիտելիքային հարստութեան (՞):
Իսկ վա՜յ է եկեր, որ բեմէն արձակուին հայրենասիրական խօսքեր եւ լոզունգներ, զգացական կարգախօսեր ու կոչեր, յայնժամ պիտի տեսնել գլուխներու շարժումներուն… գլխապտուտութիւնը եւ ուշակորուսութիւնը:
Հետաքրքրական է գիտնալ, որ բեմէն ելոյթ ունեցողը (անշուշտ, եթէ նկատած է գլխու շարժումները) ի՞նչ կը զգայ կամ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ այս գլխամարզանքը. կը շոյուի՞, կը լիցքաւորուի՞, կ՛ուռի՞, թէ՞… կը պայթի:
Հետաքրքրական է նաեւ գիտնալ, թէ այդ «գլուխ շարժող»ները (խօսքը, ի հարկէ, կը վերաբերի ցուցադրավարիչներուն ու շողոքորթավարիչներուն), ի՞նչ բաւարարութեամբ ու գոհունակութեամբ դուրս կ՛ելլեն սրահէն, անշուշտ, եթէ բախտաւորութիւնը ունենան նաեւ լուսանկարներէն մէկուն մէջ խցկուելու:
Կրնայ ըլլալ, որ շատեր մտածեն, թէ կարեւորը սրահը լեցնողներն են, հանդիսականներն են, իսկ ատկէ դուրս, ամէն ոք ուզածը թող ընէ, գլուխ շարժելէն մինչեւ… պոչ շարժելը: Չէ՞ որ սրահներուն մեծ մասը սկսած է պարպուիլ, յաճախողները նօսրանալ, երիտասարդութիւնը հեռանալ եւ կամ, լաւագոյն պարագային, ունենալ ծերակուտական-յաճախորդներու վտիտ ներկայութիւն մը:
Եթէ այս տրամաբանութեամբ պիտի շարունակուի մեր ազգային կեանքը, «գլուխ շարժող»ներու տեսակաւոր մասնակցութեամբ, ա՛լ ի՞նչ որակի ու մակարդակի մասին կը խօսուի, ա՛լ ի՞նչ բարենիշ ու չափանիշ կը փնտռուի:
Ի՛նչ խօսք, մեր ազգային կեանքի ու գործունէութեան ելեւէջները «գլուխ շարժող»ներով չէ, որ պիտի ձեւաւորուին ու կարգաւորուին, բայց, «գլուխ դարձնել»ով ալ լուծումներ չեն գտնուիր եւ գործադրուիր:
Շատեր գոհունակութիւնը (նաեւ` դժգոհութիւնը) կ՛ապրին, որ ձեռնարկները, ուր «գլուխ շարժող»ներ ալ կան, զիրար կը խաչաձեւեն, ուրեմն կը նշանակէ թէ «կենսունակութիւն» կը տիրէ` իր դրական (թէ ժխտական) հասկացողութեամբ:
Կրնայ ըլլալ, պիտի մտածեն շատեր, «գլուխ շարժող»ներ ալ եթէ չըլլա՜ն, ո՛չ կազմակերպողը, ո՛չ ներկաները, ո՛չ խօսողները «համ» պիտի առնեն գաղութային կեանքէն, այնքան ատեն որ կա՛յ կարեւորը` «գլուխ շարժել»ու ու «գլուխ շարժող»ի տրամաբանութիւնը:
Վիճելի չէ, դեռեւս:
Բայց, երբ որ լրջագոյն արդիւնքներու մասին կը մտածուի, այլեւ` կը պահանջուի, ինչպէ՞ս կարելի է զանոնք իրականացնել «գլուխ շարժել»ու ու «գլուխ շարժող»ներու կամակորութեամբ:
Յամենայն դէպս «գլուխ շարժել»ու ու «գլուխ շարժող»ներու այս «պատմութիւն»ը նորութիւն չէ, հի՜ն է, բայց, կ՛արժէ՞ այդ հնամենիութեամբ ու հնաւանդութեամբ գործել ու գաղութ… պահել:
Ես` անձնապէս, «գլուխ շարժել»ու (ծռելու) եւ «գլուխ շարժող»ներու (կապկելու) այս արարողութիւնը չեմ սիրած ու չեմ սիրեր, հետեւաբար անոնց «հերոսներն ու հովանաւորները» եթէ գիտակցութիւնն ունին (կամ չունի՞ն), իրենք թող որոշեն` ո՞ր կողմէն են, քանզի ասոնք չեն, որ մտաւորական ուժականութեան ու ձեռնհասութեան ներկան եւ ապագան կ՛ապահովեն:

