ՀՄԸՄ-Ի ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ 2011-2012 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 16 հոկտեմբեր 2011-ի յետմիջօրէին, ծնողներու եւ բարեկամներու հոծ եւ խանդավառ ներկայութեամբ, պաշտօնապէս ընթացք առաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի 2011-2012 տարեշրջանը:

Մասնաճիւղի 87-րդ տարեշրջանի գլխաւոր բնաբան յայտարարուեցաւ  «Մարմնակրթութիւն` արթուն միտք, առողջ մարմին»:

Նախորդ տարեշրջանը նուիրուած էր «Հայկական»ին: Այս տարի հայկականին կողքին պիտի քաջալերուի նաեւ մարմնակրթութիւնը, որ սկաուտական կառոյցին կարեւոր սիւներէն է,  սակայն յաճախ մոռցուած եւ կամ սահմանափակուած է սողալու ու քանի մը ֆիզիքական պատիժներու:

Բացումի յայտագիրը նուիրուած էր համասկաուտական 13-րդ  խաղերուն: Յայտագրին ընդմէջէն ներկայացուեցան սկաուտութեան մարմնակրթական ծրագիրները, որոնք պիտի կազմեն այս տարեշրջանի յայտագիրները` սկաուտական խաղերու ճամբով դրսեւորուած:

Ակումբի մուտքի  զարդարանքները կը ներկայացնէին տարեշրջանին բնաբանը: Մուտքին նաեւ բաժնուեցան սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանք մը եւ թղթիկներ, որոնք կ՛ընդգրկէին բնաբանին շուրջ գրութիւններ, խաղեր, ինչպէս նաեւ` ՀՄԸՄ  Պէյրութի մասնաճիւղի յատուկ օրէնքներու ցանկ մը:

Յայտագիրը սկսաւ մասնաճիւղին  175 սկաուտներուն խումբ առ խումբ տողանցքով, եւ ապա դրօշակի արարողութեամբ բացուած յայտարարուեցաւ 2011-2012 տարեշրջանը:

Փոխանցման եւ աստիճանատուչութեան արարողութիւններէն ետք, 3 սկաուտներ ստացան վկայեալ կարգ շրջանային ճիւղի խմբապետէն: Սկաուտական խորհուրդի եւ խմբապետական կազմին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն:

Ապա ընթացք առաւ  բացումի գեղարուեստական յայտագիրը` տողանցքով, որուն ընթացքին երէց-պարմանուհի եւ արի-արենուշ խումբերը ներկայացուցին պատկերներ, որոնց ընդմէջէն դաշտին վրայ գծեցին խաղերու նշանակը` սկաուտական երեք կարգերու գոյները, որոնք ներկայացուած էին դրօշակի կայմին  ձեռային աշխատանքին ընդմէջէն:

Խաղերու բացումը տեղի ունեցաւ ջահավառութեամբ: Խաղերու «Մարզիկ հեռատեսիլի» բանախօսը դաշտ հրաւիրեց «1954-ի մուկ-ձուկ» խաղի ախոյեան Վազրիկը, որ կատարեց ջահավառութիւնը: Ներկայացուեցան նախկին խաղերու մասին տեղեկութիւններ, որոնք դիտելու համար ծնողներէն խնդրուեցաւ զետեղել յատուկ պատրաստուած ձեռային աշխատանք ակնոցներ` անցեալն ու պատմականը «սեւ-ճերմակ» տեսնելու համար:

Վերջապէս դաշտ մուտք գործեցին նաեւ 13-րդ համասկաուտական խաղերուն մաս կազմող խումբերը` իրենց դրօշակներով: Խումբերը կը ներկայացնէին սկաուտական տարբեր մասնաճիւղեր (քաղաքներ` Հայաստանէն եւ  սփիւռքէն):

Գեղարուեստական պատկերը աւարտեցաւ հրավառութեամբ եւ մասնաճիւղային խմբանկարով:

Հարկ է նշել, որ դաշտին մէջ կային նաեւ երկու ձեռային աշխատանքներ, առաջինը` համասկաուտական 13 խաղերը ներկայացնող դրօշակի կայմ մը, իսկ երկրորդը` աշտարակ մը, որուն վրայ զետեղուած էր համասկաուտական 13-րդ  խաղերուն ջահը:

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղին հաւաքները տեղի կ՛ունենան շաբաթ օրերը, ժամը 4:00-6:30,  մասնաճիւղին ակումբին մէջ, Զոքաք էլ Պլաթ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Պէյրութ, 21 հոկտեմբեր

Share this Article
CATEGORIES