ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐ» ԴԱՇՆԱԿԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԻ ԵՒ ԽՏԱՍԿԱՒԱՌԱԿԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ մշակութային միութեան, երէկ` հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երգահան Խաչատուր Աւետիսեանի յիշատակին Շահէ Խաչատուրեանի «Հայկական պարեր» դաշնակի նոր գիրքի եւ խտասկաւառակի շնորհահանդէսը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Արմէն Իւրնեշլեան, որ նշեց, թէ Խաչատուր Աւետիսեան եղած է անզուգական տաղանդաւոր անձնաւորութիւն մը, որ բառին եւ երաժշտութեան ուժ տալով մարդը կը հասցնէ մարդկային բարձրագոյն աստիճանին եւ զինք կը դարձնէ ազնիւ: Ան ըսաւ, որ Խաչատուր Աւետիսեան տասնհինգ տարի առաջ մեզմէ բաժնուած է, բայց իր ետին ձգած է մեծ ժառանգութիւն մը, որուն գոհարները կը ներկայացնէ Շահէ Խաչատուրեան:
Օրուան հիւրն էր Խաչատուր Աւետիսեանին զաւակը` երաժիշտ Միքայէլ Աւետիսեան, որ յայտնեց, թէ իր հայրը ունեցած է երաժշտական մեծ ժառանգութիւն` հայկական ստեղծագործութիւններ, որոնցմով սերունդներ կ’ապրին: Ան ներկայացուց Աւետիսեանի հակիրճ կենսագրութիւնն ու իրագործումները: Յայտնեց, որ 1978-ին Աւետիսեան հիմնած է Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ժողովրդական երաժշտութեան բաժանմունքը:
Ապա խօսք առաւ գիրքի եւ խտասկաւառակի հեղինակ Շահէ Խաչատուրեան, որ նշեց, թէ Աւետիսեան իրեն վստահած է «Հայկական պարերու» դաշնակի մշակումի եօթը ստեղծագործութիւններուն բնագիրը, ինչ որ մեծ պատիւ է եւ պատասխանատուութիւն: Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցած են այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
Այս առիթով ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարօ Ճղըլեան յուշանուէրներ յանձնեց Միքայէլ Աւետիսեանին եւ Շահէ Խաչատուրեանին: Ճղըլեան շեշտեց, որ այս շնորհահանդէսը մշակութային հարստութեան պահպանման ծառայող քայլ մըն է, որ ունի ազգային, մշակութային եւ կրթական բնոյթ:
Աւելցնենք, որ գիրքին եւ խտասկաւառակին մէջ տեղ գտած են Խաչատուր Աւետիսեանի եօթը ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ Սայաթ Նովայէն եւ Առնօ Պապաճանեանէն մէկական ստեղծագործութիւններ:

