«ԶԷՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ ԱՅՍ ԱՄԲՈՂՋ ԱՂՄՈՒԿԸ ՈՉ ՄԷԿ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՎՐԱՅ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ
Շաբաթ երեկոյեան, Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ Հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ արաբական աշխարհին մէջ արձանագրուող ցոյցերուն զօրակցական հանդիպում մը:
Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը, որուն ընդմէջէն ան իր զօրակցութիւնը յայտնեց արաբ ժողովուրդներուն եւ անոնց յեղափոխութիւններուն, ըմբոստութիւններուն եւ զոհողութիւններուն:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց զգուշանալու շրջանին մէջ ամերիկեան ծրագիրներէն, որոնք հոս քաղաքացիական պատերազմ մը կը բռնկեցնեն, հոն երկփեղկումի սերմեր կը ցանեն, իսկ այլուր կը փորձեն շրջանին քարտէսը փոխելու այլ ձեւերու եւ միջոցներու դիմել:
Անդրադառնալով Լիպիոյ մէջ տիրող կացութեան` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ լիպիական վարչակարգը իր ժողովուրդին դէմ պատերազմ շղթայազերծած է` աւելցնելով, որ իր վարչակարգը փոխել ձգտող ժողովուրդը այսօր ստիպուած է զէնքի ուժին դիմելու` ինքնապաշտպանութեան համար:
Իմամ Մուսա Սատըրի առեւանգումին մասին Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի յայտարարութիւններուն ակնարկելով` սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ անոր յայտարարութիւնները սուտ են:
Պահրէյնի մէջ տիրող վարչակարգին կողմէ քաղաքացիներու սպանութեան մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց այդ անիրաւութիւնը` շեշտելով, որ ժողովուրդին պահանջին կարելի էր ընդառաջել առանց փամփուշտ օգտագործելու:
Լիբանանի մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան տապալումէն ետք, երկու ամիսէ ի վեր կը վկայենք Դիմադրութեան զէնքին դէմ պայքար մը, այլ խօսքով` Դիմադրութիւնը զինաթափելու յստակ պահանջ մը: «Սակայն այդ պահանջը ջրող իսկական փաստը այն է, որ մենք երկու ամիսէ ի վեր անոնց յայտարարութիւնները, փառատօնները եւ ցեխարձակումները կը լսենք` առանց մէկուն քիթը արիւնելու կամ մէկը ապտակելու: Հետեւաբար, անոնց յայտարարութիւնները սուտեր են, որովհետեւ ոչ մէկուն գլուխին ատրճանակ դրուած է եւ ոչ ոքի դէմ գնդացիր բարձրացած: Իսկ եթէ հետագային Լիբանանի կառավարութիւնը որոշէ ծովուն խորերը քարիւղի պեղումներ կատարել, ապա միայն Դիմադրութիւնը պիտի կարենայ պաշտպանել Լիբանանի իրաւունքները», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Դիմադրութեան զէնքին դէմ յայտարարուած պայքարը կը միտի զայն ներքին լիբանանեան բանավէճի առարկայ դարձնել, «սակայն մենք պատասխանատուութիւն ստանձնած ենք այդ ներքին սպառումին մաս չկազմել, հետեւաբար` ձեր փափաքածին չափ ճառախօսեցէք», ըսաւ ան` իր խօսքը ուղղելով Դիմադրութեան զէնքը խնդրոյ առարկայ դարձնող ընդդիմախօսներուն:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ոմանք միշտ փափաքած են Լիբանանի մէջ սիւննի-շիի սադրանքներ պատճառել, իսկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ արձակուելիք նախնական ամբաստանութիւնը եւս կը հետապնդէ նոյն նպատակը, բայց անիկա ձախողեցաւ, որովհետեւ մենք նախնական ամբաստանութիւնը արձակուած եւ անարժէք կը նկատենք:
«Կը հաստատենք, որ Դիմադրութիւնը լաւ ու առողջ վիճակի մէջ է, անոր զէնքը ապահով է եւ լաւ, իսկ անոր համակիրները եւս լաւ վիճակի մէջ են, ու իրենց հայեացքը ուղղած են միայն թշնամի Իսրայէլին եւ արթուն կը հսկեն Լիբանանի ապահովութեան, հետեւաբար` ոչ ոք գրգռութիւններ թող յառաջացնէ այդ հարցով», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ լիբանանեան խորհրդարանի նոր մեծամասնութիւնն է, որ Նեժիպ Միքաթին վարչապետ նշանակած է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով լիբանանեան ներքին հարցեր չկան, այլ` վարչապետին վրայ կը բանեցուին արտաքին ճնշումներ, Լիբանանի մէջ տարբեր երկիրներու դեսպաններուն կողմէ:
«Նոր մեծամասնութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ կառավարութեան կազմութեան առիթով եւ այդ կառավարութիւնը պիտի կազմուի Միքաթիի կողմէ եւ այս մէկը քաղաքական մարտահրաւէր մըն է, որուն պատասխանատուութիւնը մենք իբրեւ մեծամասնութիւն պէտք է ստանձնենք», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա: