ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԽՍՏԻՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՆԵՐԽՈՒԺՈՒՄԸ

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին խստիւ դատապարտեց Լիպիոյ մէջ լիբանանեան դեսպանատան դէմ գործուած ներխուժումն ու լիբանանեան դրօշակին հրկիզումը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ այդ արարքը լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած յարձակում կը նկատուի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի ուխտերը խախտող արարք է:

Այս իմաստով նախագահ Սլէյման իր ցուցմունքները տուաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ալի Շամիին` ՄԱԿ-ին յղելու բողոք մը, որուն նպատակն է միջազգային օրէնքին եւ տարբեր պետութեանց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու Վիեննայի համաձայնագիրին խախտման դէմ դժգոհութիւն յայտնել:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` վերջին հաղորդակցութիւններուն լոյսին տակ:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի քաղաքական հարցերու օգնական Խտըր Թալեպ յայտնեց, որ Միքաթի բաւական ճկուն է քաղաքականութեան մէջ` աւելցնելով, որ անոր հրաժարականը երբեք խնդրոյ առարկայ չէ, մանաւանդ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ան կը վայելէ շրջանային զօրակցութիւն:

Թալեպ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը «աունական թնճուկ»ի մը դիմաց չի գտնուիր` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն բացառիկ կերպով կը գործակցի Միքաթիի հետ: Այս ծիրին մէջ անհրաժեշտ է աւելցնել, որ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Թելէ Լիպան» պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ առաւելագոյն չափով հաւանական է վարչապետին եւ զօր. Աունի միջեւ հանդիպումը, այնքան ատեն որ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Էքուատորի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Ռիքարտօ Փաթինօ, որ հանրապետութեան նախագահին յանձնեց Էքուատորի նախագահին կողմէ յղուած հրաւէր մը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս` քաղաքական, դիւանագիտական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ:

Նախագահ Սլէյման իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց էքուատորցի նախարարին` Էքուատորի կայունութեան եւ բարգաւաճման համար:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի, որ նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES