ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻ ՏԱՊԱԼՄԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ԵՐՐՈՐԴ ԵՒ ԲԱԶՄԱՄԱՐԴ ՑՈՅՑԸ
Համայնքային խտրութիւնը մերժող, անձնաթուղթին մէջ նշուած յարանուանական պատկանելիութեան ջնջումը պահանջող եւ համայնքային վարչակարգին տապալումին զօրակցող շարժումին երրորդ ցոյցը տեղի ունեցաւ երէկ կէսօրին, երբ աւելի քան 20 հազար քաղաքացիներ Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակէն քայլարշաւ մը կազմակերպեցին դէպի ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղի:
Ցոյցին ընթացքին բարձրացան միայն լիբանանեան դրօշակներ եւ փտածութիւնն ու համայնքային վարչակարգը մերժող կարգախօսներ կրող պաստառներ:
Հրաժարեալ կառավարութեան պետական նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն դրուատեց այդ ցոյցը` շեշտելով, որ պահանջուածը այն է, որ լիբանանցի երիտասարդները իրենց պայքարը շարունակեն` համայնքային վարչակարգը տապալելու համար:
«Մեզի համար կարեւորը երկրին կայունութիւնն է, երիտասարդը ինք կ՛որոշէ իր կարգախօսը, մենք կը մասնակցինք պարզապէս զօրակցելու խտրութեան դէմ գործուող այս ցոյցին», ըսաւ Սէյիտ Հիւսէյն:
Ցուցարարները փափաք յայտնեցին, որ մնայուն կերպով կատարուին այս ցոյցերը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ Լիբանանի մէջ համայնքային խտրութեան եւ իրականացնել Լիբանանի իսկական ազատութիւնը, անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը:
Անոնք շեշտեցին, որ Լիբանանի մէջ այս ցոյցերը ազգային եւ ժողովրդավարական զարթօնք են եւ կրնան վերջ տալ Լիբանանի մէջ տիրող համայնքային խտրութեան վրայ հիմնուած վարչակարգին:
Ցուցարարները կոչ ուղղեցին Լիբանանը փրկելու քաղաքացիական պատերազմէ մը եւ երկրին մէջ հիմնելու քաղաքացիական եւ ժողովրդավարական պետութիւն մը, ինչպէս նաեւ քուէարկութեան տարիքը նուազեցնելու 18-ի:
Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Պասթայի, Զարիֆի եւ Քարաքոլ Տրուզի մէջ:
Ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց իր զօրակցութիւնը լիբանանցի երիտասարդներուն այս պահանջին` աւելցնելով սակայն, որ ինք իր քաղաքական պաշտօնին բերումով չի մասնակցիր այդ ցոյցին:
Յայտնենք, որ ցոյցին աւարտին անոր կազմակերպիչները երեք պահանջներ ներկայացուցին ներքին գործոց նախարարին: Առաջին պահանջն էր Մայրերու օրուան առիթով յատուկ նուէր մը նուիրել լիբանանցի մայրերուն` անոնց իրաւունք տալով օտար քաղաքացիութիւն ունեցող անձերու հետ ամուսնացած ըլլալու պարագային իրենց լիբանանեան քաղաղացիութիւնը շնորհելու իրենց զաւակներուն, երկրորդ պահանջն էր վաւերացնել քաղաքացիական ամուսնութեան օրինագիծը, իսկ երրորդ պահանջն էր դիւրացնել անձնաթուղթին մէջ նշուած յարանուանական պատկանելիութեան ջնջումը: