«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»Ը` «WEBԾԻՐԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ

Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

Նախանցեալ օր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի, «Ոսկէ Ծիրան» ժապաւէններու փառատօնի հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանի եւ «WebTV.am» համացանցի պատկերասփիւռի ընկերութեան տնօրէն Արայիկ Մանուկեանի միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարուեցաւ «Ոսկիէ ծիրան» միջազգային փառատօնի եւ «WebTV.am» համացանցային պատկերասփիւռի ընկերութեան կողմէ հիմնուած «WebԾիրան» համահայկական ժապաւէններու փառատօնի սկիզբը: Փառատօնին գլխաւոր հովանաւորն է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ը:

«WebԾիրան» համահայկական ժապաւէններու փառատօնին կրնան մասնակցիլ Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ ապրող բոլոր հայ շարժապատկերի բեմադրիչները: Մրցումին կրնան ներկայացուիլ մինչեւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէններ` առանց սեռի սահմանափակումներու` խաղարկային, վաւերագրական, գծապատկերային եւ այլն: «WebԾիրան» համահայկական փառատօնին ներկայացուած ժապաւէնները կրնան նկարահանուած ըլլալ որեւէ արհեստագիտական միջոցով:

Ռալֆ Եիրիկեան այս առիթով յայտնեց, որ «աշխարհը սրընթաց կը շարժի «ուեպ»ի եւ «ուեպ»-լուծումներու ուղղութեամբ: Մենք կը ձգտինք ամէն ինչ ընել այս մարզին մէջ Հայաստանի յառաջատար դիրքը ապահովելու համար: Այս ձեւաչափով փառատօն կայացնելու կարելիութիւնը կը փաստէ, որ համացանցի հասանելիութեան ցուցանիշը Հայաստանի մէջ բաւականաչափ բարձր է: Հաճելի է արձանագրել, որ ժամանակակից արհեստագիտութիւնը կը ներթափանցէ նաեւ մշակոյթի մարզ մը` խրախուսելով տաղանդի բացայայտումը»: Ան նշեց, որ իսկական տաղանդ եւ հարուստ ներաշխարհ ունեցող իւրաքանչիւր անձի պէտք է արտայայտուելու կարելիութիւն ընձեռել: «Ուրախ ենք այսպիսի նախաձեռնութեան մէջ մեր մասնակցութեան համար: Փառատօնը պիտի խթանէ ըսելիք եւ տեսլական ունեցող տաղանդաւոր այն արուեստագէտներուն ստեղծագործականութիւնը, որոնք տնտեսական միջոցներու պատճառով չեն կրնար ստեղծել միջազգային փառատօներու չափորոշիչներուն համապատասխանող ժապաւէններ», աւելցուց Ռ. Եիրիկեան:

Փառատօնին ներկայացուած ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին բացառապէս «WebTV.am» համացանցային պատկերասփիւռի ընկերութեան կողմէ, իսկ յաղթող ժապաւէնները պիտի որոշուին համացանցային քուէարկութեան միջոցով: Արդիւնքները պիտի հրապարակուին 25 դեկտեմբերին` մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ժամանակ: Սահմանուած են 2 մրցանակներ. «WebԾիրան» գլխաւոր մրցանակը` 1000 ամերիկեան տոլարի համարժէք դրամ եւ խրախուսական մրցանակ` 500 ամերիկեան տոլարի համարժէք դրամ:

Share this Article
CATEGORIES