ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՃԳՆԱԺԱՄԻՆ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑԱԾ Է
Մինչեւ ուշ գիշեր շարունակուած հակաճգնաժամային վեհաժողովին մասնակից աղբիւր մը որոշ լրատուամիջոցներու յայտնած է, որ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական Միութեան վեհաժողովը Յունաստանի կառավարութեան հետ երկար սպասուած համաձայնութեան հասած է` այդ երկրի պարտքը 50 առ հարիւրով կրճատելու շուրջ:
Աղբիւրը այլ մանրամասնութիւններ չէ յայտնած եւ բաւարարուած է ընդգծելով, որ «համաձայնութիւնը գոյացած է»:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի տնօրէն Քրիսթին Լակարտ շարք մը բանակցութիւններ վարած են Յունաստանի վարկատու դրամատուներու ներկայացուցիչներու հետ:
Յունաստանի 350 միլիառ տոլարի հասնող պարտքին վերադասաւորումը հիմնական կէտն է Եւրոպական Միութեան հակաճգնաժամային ծրագիրին, զոր կառոյցի ղեկավարները մտադիր են յառաջիկային հրապարակելու:

