«ՄԵՐ ՄՕՏ ՂՈՒԼԱՄ ՇԱՔՈՒՐԻ ԱՆՈՒՆԸ ԿՐՈՂ 150 ԱՆՀԱՏ ԿԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՍԱԼԵՀԻ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարեց, որ Իրան Ինթըրփոլէն Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի սպանութեան իրանեան դաւին մեղսակցութեան յանցանքով ամբաստանուածներէն Ղուլամ Շաքուրիի շուրջ հարցումներ ստացած է:
Սալեհի յայտնեց, որ Իրանի մէջ Ղունամ Շաքուրի անունը կրող 150 անհատներ կան: Աւելի՛ն. այդ անունը կրող անձ մըն ալ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բնակի եւ անդամ է Մուժահիտի Խալք շարժումին:
CATEGORIES Միջազգային


