ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային բացայայտելու թրքական-քաթարեան փաստաթուղթը, որուն հիման վրայ բանակցութիւններ կը կատարուէին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Ժոմպլաթ վերընտրուեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար` իր դէմ մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց հեռանալու մեկուսացումի քաղաքականութենէն եւ խտրականութիւն չդնելու իսլամ եւ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն միջեւ:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է շարունակէ հետապնդել անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի թղթածրարը, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի քաղաքացիի մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Իսրայէլի մէջ ճակատներ պիտի բանայ` պաղեստինեան բջիջներու միջոցով:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ղեկավար Ուսամա Սաատ զօրակցութիւն յայտնեց կրթական եւ աշխատաւորական շարժումներուն: Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան մշակելու տնտեսական բարեկարգումի քաղաքականութիւններ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարին ջանքերով է, որ Լասայի թղթածրարը տեղադրուեցաւ իր դատական եւ օրինական բնականոն շրջագիծին մէջ:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան անդամ Նաուֆալ Տաու յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ամէն պարագայի ձախող կը նկատուի, նոյնիսկ եթէ ան չմերժէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ սահմանադրութիւնն ու օրէնքը գերազանցող կառավարութիւն չկայ` աւելցնելով, որ կառավարական առումով անկարելի է անիրաւութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մնայմնէ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է վերադառնալ ազգային երկխօսութեան նիստերուն` աւելցնելով սակայն, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պէտք է ապահովէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ, երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս յայտնեց, որ քրիստոնեայ համայնքը պէտք է զգուշանայ եւ վախնայ Հըզպալլայէն, որ կը շարունակէ զէնք կրել:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց
նախարարի վարչական եւ աղբիւրներու հարցերով տեղակալ Ճէյք Ուոլես հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին զգուշացուցած է Լիբանանի դէմ որդեգրուելիք ծանր պատժամիջոցներէն, եթէ Լիբանան մերժէ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումը:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ կառավարութիւնն է, որ կ՛որոշէ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորել, թէ ոչ:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի առաւելագոյն չափով անկեղծ պիտի ըլլայ` Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման վերաբերող իր կեցուածքին մէջ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումին քննարկումը անմիջական չէ` աւելցնելով, որ Միջազգային հանրութիւնը քաջածանօթ է Լիբանանի իւրայատուկ կացութեան:
ՔԱՐԱԱՈՒՆԻ մէջ ձեռնառումբ մը պայթած է Օմար Շըպլիի ինքնաշարժին մէջ: Նշենք, որ Շըպլի Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ է:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին հաստատեցին, որ Ռիատի մէջ Միքաթի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտնած է, որ ինք յանձնառու պիտի մնայ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա 10 օր առաջ հանդիպում մը ունեցած են Դամասկոսի մէջ եւ քննարկած Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման թղթածրարը:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան նոր պատերազմի մը հաւանականութեան պարագային Դիմադրութիւնը պատրաստ է առաջին իսկ վայրկեանէն 10 հազար ռումբ արձակելու դէպի Իսրայէլ:
«ՏԸ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ»ի լրագրող-քաղաքական վերլուծաբան Ռոպըրթ Ֆիսք կը գրէ, որ Սուրիոյ Իտլիպ շրջանին մէջ բոլորը զինուած են. Ան կը հաստատէ, որ Իտլիպի բոլոր զէնքերը տրամադրուած են Լիբանանի կողմէ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն, արգելափակեալ զօր. Ֆայեզ Քարամ անակնկալ կերպով հիւանդանոց փոխադրուեցաւ:
ԻԲՐԵՒ բողոք Քուսայայի մէջ գտնուող Աստուածամօր արձանը քանդելու քաղաքապետարանին գործած արարքին, Քուսայայի բնակիչները ճամբաները փակեցին հրկիզուած անիւներով:
ՊԵՏԱԿԱՆ շուրայի խորհուրդը մերժեց կառավարութեան կողմէ տրուած աշխատավարձի յաւելումներու որոշումը: Այս մասին աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ ինք Պետական շուրայի մերժումը պիտի փոխանցէ կառավարութեան:

