ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւի մէջ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Զօր. Քահուաժիի այցելեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիք, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան զինուորական կցորդ զօր. Աշրաֆ Ապտել Հալիմ Քահլան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ եգիպտական բանակներուն միջեւ երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնները:
Զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզը: Քննարկուեցաւ երկրին ընդհանուր իրավիճակը:
CATEGORIES Լիբանանեան

