ԱՏՆԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐ-ՖԻՈՒԼԷ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Սթեֆան Ֆիուլէն, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան նախագահ Անժելինա Այխհորսթը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Ֆիուլէ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Միւս կողմէ, անդրադառնալով Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի կատարած յայտարարութիւններուն, Մանսուր նկատել տուաւ, որ այդ յայտարարութիւններուն բովանդակութեան մէջ ոչինչ կ՛ենթադրէ Սուրիոյ դեսպանին հարցաքննութիւնը: Ան աւելցուց, որ Արաբական լիկային կողմէ յստակ ցուցմունքներ տրուած են Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ չըլլալու:

Մանսուր նկատել տուաւ նաեւ, որ լիբանանցի քաղաքացի Շըպլի Այսամիի առեւանգումին յանցանքով սուրիական դեսպանատան դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները անհիմն են:

Այլ գետնի վրայ, Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Սուրիա իր կացութիւնը վերատեսութեան կ՛ենթարկէ` վերարժեւորելու համար ինքզինք:

Ան դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ կան ծայրայեղական ուժեր, որոնք զինուած են, այդ պատճառով ալ սուրիական իշխանութիւնները կը ջանան պահպանել երկրին եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

Ալի շեշտեց, որ Լիբանանէն Սուրիա մաքսանենգուած զէնքերուն ու զինամթերքին քանակը կ՛ենթադրէ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն ուշադրութեան կեդրոնացումը այդ հարցին վրայ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES