ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ
Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպելի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Զասպիքին յայտնեց, որ Մոսկուա կառչած կը մնայ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է ճիգ չխնայել` ամրապնդել կարենալու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Զասպիքին մաղթեց, որ հակառակ շրջանային զարգացումներուն եւ ապահովակայն ապակայունութեան, Լիբանան մնայ կայուն երկիր:
Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին` Զասպիքին ըսաւ, որ իրենք սկզբունքային կեցուածք մը որդեգրած են այդ ատեանին գծով: «Մենք առաջին օրէն իսկ զօրակցած ենք այդ ատեանին` զայն նկատելով միջազգային օրինականութիւնը մարմնաւորող ատեան մը: Հետեւաբար, մենք կը փափաքինք, որ այդ ատեանը իր աշխատանքը շարունակէ` իրագործելու համար իր նպատակները», ըսաւ Զասպիքին:


