ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. «Կ՛ԱԿՆԿԱԼԵՆՔ, ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՄՆԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ» Կ՛ԸՍԷ ՖԻՈՒԼԷ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Սթեֆան Ֆիուլէն:

Հանդիպումէն ետք Ֆիուլէ յայտնեց, որ ինք գոհունակ կը զգայ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած բարեկարգումներուն համար` շեշտելով, որ Եւրոպական Միութիւնը նախանձախնդիր է Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու:

«Մենք քաջատեղեակ ենք Լիբանանի սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրներէն եւ այդ պատճառով ալ մեր օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը կ՛առաջարկենք Լիբանանի կառավարութեան, քաղաքական ուժերուն եւ քաղաքացիական շրջանակներուն», նշեց ան:

Ֆիուլէ ընդգծեց նաեւ, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ակնկալէ, որ Լիբանան պատասխանատու մնայ միջազգային իր յանձնառութիւններուն, որոնց ծիրին մէջ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հետ գործակցութեան:

Վարչապետարանին այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալոկերոփուլոս, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Քերիմ Ռասի:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի ցաւակցագիր մը յղեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` Վանը ցնցած երկրաշարժին պատճառած մարդկային վնասներուն առիթով:

Share this Article
CATEGORIES