ՊԸՐՐԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԴԻՒԱՆԻ ՆԻՍՏԻՆ

Նախարար Տիապ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որմէ ետք երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ դիւանը վաւերացուցած է յառաջիկայ 2 նոյեմբերին գումարուելիք օրէնսդրական լիագումար նիստին քննարկուելիք հարցերը:

Միւս կողմէ, երէկ կէսօրին խորհրդարանի նախագահը Այն Թինէի մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Սթեֆան Ֆիուլէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան նախագահ Անժելինա Այխհորսթը, Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլին եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանը:

Պըրրի ընդունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասան Տիապը, որուն հետ քննարկեց կրթական հարցեր:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ եւ երեսփոխան Նաուար Սահիլի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող ներկայ հարցերն ու Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութեան Մոսկուա կատարած այցելութեան արդիւնքները:

 

Share this Article
CATEGORIES