ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ, ՈՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ԻՐ ՀՐԱՒԷՐԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԱՌԿԱՅ Է
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Սթեֆան Ֆիուլէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի բարեկարգումի եւ ժողովրդավարութեան գործադրութեան:
Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութեան վերսկսելու առումով իր հրաւէրն ու առաջարկը տակաւին առկայ է: Ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է ֆինանսաւորել Միջազգային դատական ատեանը, որովհետեւ անիկա պիտի ծառայէ Լիբանանի գերագոյն շահերուն:
Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն` նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ արաբական երկիրներուն մէջ ժողովրդավարական վարչակարգերու հաստատումէն կարելի չէ խուսափիլ:


