«ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԱՋԱԿՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՉԱՓՈՐՈՇԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՅԱՑՄԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ԴԵՍՊԱՆ ՀԵՖԸՐՆ

Ճոն Հեֆըրն

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պիտի աջակցի Հայաստանին յառաջիկայ համապետական ընտրութիւնները միջազգային չափորոշիչներուն համապատասխան կատարելու համար: Երէկ հանդիպում ունենալով լրագրողներուն հետ` Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Հեֆըրն նշեց, որ Հայաստան գալով` հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ: Անոնց հետ քննարկումներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու դեսպանը անդրադարձաւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ շրջանային խնդիրներուն առնչուուղ հարցերուն:

Դեսպանը յայտնեց, որ ինք շնորհաւորած է Հայաստանի իշխանութիւնները բոլոր այն դրական տեղաշարժերուն եւ քայլերուն համար, զորս անոնք իրականացուցած են այս տարի: Ան խոստացած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պիտի աջակցի Հայաստանին յառաջիկայ ընտրութիւնները միջազգային չափորոշիչներուն համապատասխան կայացնելու համար:

Ճոն Հեֆըրն աւելցուց, որ արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու ապահովման կարեւոր գործօններէն մէկը ազատ մամուլն է եւ ատիկա այն խնդիրներէն մէկն է, որ ինք քննարկած է իշխանութիւններուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES