ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ ՄԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով Ազրպէյճանի ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը, կը հաղորդեն, որ 29-30 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ ատոր վերակենդանացման հեռանկարները» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողով մը տեղի պիտի ունենայ:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ խորհրդաժողովը, որուն պիտի մասնակցին հայ, ազրպէյճանցի եւ թուրք մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ Միջազգային ճգնաժամային խմբակի եւրոպական ծրագիրներու համակարգող Սապինա Ֆրէյզըր եւ Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի դասախօս Քորի Ուելթ, կազմակերպուած է թրքական քանի մը համալսարաններու եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կից Ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնին աջակցութեամբ:
CATEGORIES Հայկական

