ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԵՒՍ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԵՑ

Հայաստանցի փրկարարներու խումբ մը

Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն աղբիւրներ «Tert.am» լրատուական կայքէջին յայտնած են, որ Հայաստան երէկ Թրքական կարմիր մահիկի եւ Եւրատլանտեան աղէտներու արձագանգման համակարգման կեդրոնի միջոցով ստացած է Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ օգնութեան պաշտօնական դիմումը: Կը նախատեսուէր, որ նախարարութեան ներկայացուցիչները «Իլ-76» տիպի օդանաւով երէկ երեկոյեան Իզմիր փոխադրէին Հայաստանի կառավարութեան օժանդակութիւնը` 40 թոն բեռ, վրաններ, քնապարկեր, ծածկոցներ, անկողնային պարագաներ:

Աւելի՛ն. կը նախատեսուէր, որ 15 հոգիէ բաղկացած հայ փրկարարներու խումբ մը երէկ երեկոյեան մեկնի Թուրքիա: Այդ խումբի անդամներէն մէկը այդ մասին յայտնած է «Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 հոկտեմբերին ցաւակցական հեռագիր մը յղած էր Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ յայտնած, որ Հայաստանի փրկարարներու մասնագիտացած ստորաբաժանումը պատրաստ է սեղմ ժամկէտի մը մէջ հասնելու աղէտեալ գօտի եւ անյապաղ անցնելու փրկարարական աշխատանքներուն: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ Թուրքիա ի վիճակի է առանձինն յաղթահարելու աղէտի հետեւանքները:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ 1999-ի աշնան երկրաշարժէն ետք եւս Հայաստան մասնակցած էր այդտեղի փրկարարական աշխատանքներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES