27 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ ՈՃՐԱՅԻՆ ԱՐԱՐՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋ

Յովիկ Աբրահամեան կը յարգէ ոճրային արարքի զոհերուն յիշատակը

Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան երէկ յայտարարեց, որ 27 հոկտեմբեր 1999-ի ոճրագործութեան կազմակերպիչները եւ ուղղորդողները տակաւին չեն բացայայտուած ու պատժուած:

Ան այսպիսի յայտարարութիւն կատարեց Ազգային ժողովի բակին մէջ` ոճրագործութեան պատճառով սպաննուած պետական ութ գործիչներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մօտ տեղի ունեցած յիշատակի արարողութենէն ետք` պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն:

«Յոյսով եմ, որ որոշ ժամանակէ մը ետք մենք պիտի իմանանք նաեւ ուղղորդողները, եւ թէ աշխարհի ո՛ր ծայրէն էր այս մեծ ողբերգութիւնը` կազմակերպիչներուն առումով: Յամենայն դէպս կը հաւատամ, որ բացայայտումներ պիտի ըլլան», ըսաւ Սահակեան:

Գալուստ Սահակեան նաեւ յայտնեց, որ 12 տարի առաջ այս օրը թէեւ յանցագործները խորհրդարանի շէնքին մէջ կը գտնուէին, սակայն զանոնք ուղղորդողները դուրսը կը գտնուէին:

Ան աւելցուց, որ ինք կարծիք չի փոխեր, թէ յանցագործները հոս են, բայց անհրաժեշտ է ուղղորդողները գտնել:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք իշխանութիւնները ի՞նչ ըրած են կամ ի՞նչ կ՛ընեն ոճրագործութեան կազմակերպիչները յայտնաբերելու համար, Սահակեան նշեց, որ սովորաբար այսպիսի իրողութիւնները կարելի է բացայայտել աւելի ամուր հիմքեր ունեցող պետութիւններուն մէջ, իսկ Հայաստան տակաւին նորանկախ պետութիւն է:

Արտաշէս Շահպազեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահպազեան երէկ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ ներկայիս շատ աւելի կարեւոր հարց է, որ 27 հոկտեմբերի ոճրագործութեան պէս երեւոյթներ ծնող նախադրեալները անհետացա՞ծ են Հայաստանի մէջ, թէ՞ ոչ:

Շահպազեան նշեց, որ ինք կը խօսի քաղաքական անհանդուրժողականութեան մասին: Ըստ անոր, այսօր կարելի չէ ըսել, որ Հայաստանի հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ անհանդուրժողականութիւնը անհետացած է եւ շատ յաճախ քաղաքական մրցակցութիւնը քաղաքական թշնամութեան կը վերածուի: «Մենք կը խօսինք 27 հոկտեմբերի դէպքերուն մասին, բայց նոյն երեւոյթին այլ դրսեւորումով առնչուեցանք 2008-ին: Ասիկա կը նշանակէ, կային նախադրեալներ, որոնք անհետացած չէին», նշեց Շահպազեան:

 

Share this Article
CATEGORIES