ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.

Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ.- Թատամոն Սուր – Անսար` 1-0, Նըժմէ – Մապարրա` 4-2, Շապապ Սահել – Սալամ Սուր` 2-0, Ախա Ահլի Ալէյ – Ահլի Սայտա` 4-1, Սաֆա – Ահտ` 2-0 եւ Ռասինկ – Թրիփոլի` 1-1:

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ.- Հարաքեթ Շապապ – Նահտա Պար Էլիաս` 3-0, Իժթիմահի – Սաժես` 3-2, Շապապ Թրիփոլի – Սալամ` 2-2, Ահլի Նապաթիէ – Իրշատ` 1-0, Շապապ Ղազիէ – Ֆաժր Արապսալիմ` 5-2 եւ Խըյուլ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի` 0-0:

Ինչ կը վերաբերի տեղի ունենալիք Ա. եւ Բ. դասակարգերու 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ֆետերասիոնը հրապարակեց անոնց յայտագիրը, որ կու տանք ստորեւ.

 

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
ՈՒՐԲԱԹ, 28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շապապ Սահել – Անսար 3:30 Մարզական Աւան
ՇԱԲԱԹ, 29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Ահտ – Ռասինկ 5:30 Սայտա
ԿԻՐԱԿԻ, 30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Թրիփոլի – Թատամոն Սուր 2:30 Թրիփոլի
Ախա Ահլի Ալէյ – Սալամ Սուր 2:30 Պհամտուն
Ահլի Սայտա – Մապարրա 2:30 Սայտա
Սաֆա – Նըժմէ 5:30 Մարզաւան Աւան
 

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ

ՈՒՐԲԱԹ, 28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Հարաքեթ Շապապ – Սաժես 3:30 Թրիփոլի
Շապապ Ղազիէ – Ահլի Նապաթիէ 3:30 Սայտա
ՇԱԲԱԹ, 29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Իրշատ – ՀՄՄ 3:30 Նըժմէ
Իժթիմահի – Շապապ Թրիփոլի 3:30 Թրիփոլի
ԿԻՐԱԿԻ, 30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Նահտա Պար Էլիաս – Մաուատտէ 2:30 Խիարա
Ֆաժըր Արապսալիմ – Խըյուլ 2:30 Արապսալիմ
Share this Article
CATEGORIES