ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՄՐՑԻ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ

Յառաջիկայ 12-13 նոյեմբերին, Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ըմբշամարտի եւրոպական միջազգային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ շարք մը երկիրներու:

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականը, որ պիտի մասնակցի մրցաշարքին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ռուսիան, Ազրպէյճանը, Թուրքիան, Պիելոռուսիան եւ Հունգարիան:

Ինչ կը վերաբերի ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, Հայաստան պիտի չմասնակցի անոր: Մրցումներ պիտի կատարեն Ռուսիա, Ազրպէյճան, Թուրքիա, Վրաստան, Պիելոռուսիա եւ Պուլկարիա:

Նշենք, որ այս մրցումներուն մասնակցելու իրաւունք ունին բարձր վարկանիշ ունեցող վեց երկիրներու հաւաքականները: Մրցաշարքին հիմնադրամը կը կազմէ հարիւր հազար ամերիկեան տոլար:

 

Share this Article
CATEGORIES