ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՌԻԱՏԻ ԵՒ ԱՆԴՐԱՆԻԿ` ՅԱՂԹԱԿԱՆ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ամբողջացաւ 2-րդ հանգրուանը, երբ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Ախոյեան Ռիատի Պէյրութ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` Մանարայի իր դաշտին վրայ 119-83 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պաժժէն, Ռիատիի ամերիկացի մարզիկ Տեւերեք Սփենսըր նշանակեց 35 կէտ, իսկ Ժան Ապտել Նուր` 18 կէտ:
Իսկ Պաժժէի ամերիկացի մարզիկ Ժերմեն Տերման նշանակեց 27 կէտ:
Անթունիէի դաշտին վրայ (Զահլէ) Անդրանիկ Պէյրութ յաղթանակ մը արձանագրեց, երեք կէտի տարբերութեամբ` 89-86 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հաուշ Ումարան: Նշենք, որ այս յաղթանակը Անդրանիկի համար տարեշրջանի առաջինն էր: Անիկա իր կատարած առաջին մրցումին պարտուած էր Մութթահետէն: Իսկ անիկա երկրորդ պարտութիւնն էր Պաժժէի համար, որ առաջինին պարտուած էր Շանվիլէն (104-85):
Անդրանիկէն Շելթըն Քոլուել (ամերիկացի) նշանակեց 31 կէտ, իսկ Հաուշ Ումարայէն Քուինթըն Տէյ (դարձեալ ամերիկացի)` 37 կէտ:


