ՀԱՐԼԵՄ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱՆՈՒԱՆԻ ԽՈՒՄԲԸ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Հարլեմի խումբը (PROFOTO)

Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ երէկ «Քոմոտոր» պանդոկին մէջ (Համրա) Թու. Եու. Թու. Սի. (2u2c) ընկերութիւնը ներկայացուց Հարլեմ պասքեթպոլի անուանի խումբը, որ այսօր եւ յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին ցուցադրական ներկայացումներ պիտի կատարէ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Նահր Մոթ):

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի ներկայացուցիչը` Ֆայսալ Ալամէտտին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա, ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ղասսան Ֆարես, կազմակերպիչ ընկերութեան պատասխանատու Էյմի Աուտէ, պասքեթպոլի ակումբներու նախագահներ, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Լիբանանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, մարզական լրագրող Նեժիպ Քահի ներկայացուց Հարլեմ խումբը, անոր կատարելիք ցուցադրական ներկայացումներուն յայտագիրը` պասքեթպոլի սիրահարներուն մաղթելով հաճելի պահեր յառաջիկայ երեք օրերուն ընթացքին:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Աուտէ ըսաւ, որ պատմական անցեալ ունեցող այս խումբը 85 տարիէ ի վեր իր այս ցուցադրական ներկայացումները կը շարունակէ կատարել աւելի քան 120 երկիրներու մէջ` միշտ իր վրան կեդրոնացնելով լուսարձակները եւ զմայլեցնելով բոլորը: Ան ըսաւ, որ այս ներկայացումներուն տոմսակ գնել փափաքողները, կրնան այդ մէկը ձեռք ձգել Միշել Մըրի անուան համալիրին կիշէէն եւ «Վըրճըն մեկասթոր»ի բոլոր մասնաճիւղերէն:

Վերջին խօսքը արտասանողը եղաւ Ղասսան Ֆարես, որ գնահատեց Հարլեմը Լիբանան հրաւիրող այս ընկերութիւնը` նշելով, որ այս խումբին ներկայութեան պասքեթպոլի սիրահարները պիտի անցընեն անմոռանալի պահեր:

Ապա, մամլոյ ասուլիսին սրահը մուտք գործեցին Հարլեմի մարզիկները, որոնք շուրջ տասը վայրկեան տեւողութեամբ ցուցադրական ներկայացումներ կատարեցին:

Նշենք, որ Հարլեմ վերջին անգամ Լիբանան այցելած էր 1998-ին:

Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով` Հարլեմի մարզիչը ըսաւ, որ ինք ընդհանրապէս չի սիրեր իր կազմին մէջ մարզիկներու փոփոխութիւն կատարել` աւելցնելով, որ անոնցմէ ոմանք խումբին մէջ են 12 տարիէ ի վեր եւ կը շարունակեն մնալ կայտառ ու աշխուժ:

 

Share this Article
CATEGORIES