«ՄԵՆՔ ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻՕՐԷՆ ԸՆԴՈՒՆԻԼ ԱԺՈՒՊԱԼԻՍԻ ԱՌԱՋԱՐԿԸ» ԿԸ ՆՇԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան անցեալ շաբաթավերջին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Աուտրոնիուս Աժուպալիսի հետ հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատեց այն փաստը, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամները Հարաւային Կովկաս իրենց այցելութեանց ընթացքին այցելեն նաեւ Արցախ, ինչ որ յաճախ տեղի չունենար:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պատճառաբանութեամբ միջնորդները կը խուսափին Արցախ այցելելէ, Բակօ Սահակեան նշեց, որ եղանակին պատճառով միշտ կարելի չըլլար ուղղաթիռ օգտագործել Արցախ այցելելու համար: Ան աւելցուց, որ շուտով այդ հարցն ալ պիտի լուծուի, որովհետեւ Ստեփանակերտի օդակայանը շահագործման պիտի յանձնուի եւ եղանակը այլեւս խոչընդոտ պիտի չըլլայ:

Աւելի կանուխ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին առարկեց, որ հայկական կողմը պէտք է արձակազէնները հեռացնէ շփման գիծէն:

Այս յայտարարութեան արձագանգելով` նախագահ Բակօ Սահակեան նշեց, որ հայկական կողմը կը հաւատայ, որ այսպիսի առաջարկներ կրնան ընդունուիլ միայն այն պարագային, երբ կողմերը կառուցողական մօտեցում ցուցաբերեն: «Մենք այսօր հիմք ունինք յայտարարելու, որ Ազրպէյճան այս տարիներուն ընթացքին քանի մը անգամ խախտած է անցեալին գոյացած համաձայնութիւնները: Եւ այսպիսի իրավիճակի մէջ մենք չենք կրնար միակողմանիօրէն ընդունիլ պարոն Աժուպալիսի առաջարկը», շեշտեց նախագահ Սահակեան:

Այս նոյն առաջարկը չէ ընդունուած Ազրպէյճանի կողմէ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Ազրպէյճան շահագրգռուած չէ շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը թուլացնելու հարցով:

Բ. Սահակեան ընդգծեց, որ երբ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը ներկայացուց իր այդ առաջարկը, Արցախի նախագահը խօսեցաւ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած միջադէպին մասին, երբ զոհուեցաւ 19-ամեայ զինուոր մը եւս եւ ասիկա առաջին դէպքը չէ, որ երբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները շրջան կ՛այցելեն եւ տեղի կ՛ունենան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու հանդիպումներ, ազրպէյճանական կողմը անպայման հետախուզական ահաբեկչական գործողութիւններ կ՛իրականացնէ:

«Հետեւաբար, մենք կը հաւատանք, որ սոյն միջադէպը անոր վառ ապացոյցն էր: Իսկ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը համամիտ է մեր տեսակէտին հետ, որ այսպիսի թոյլ համաձայնութիւններու ծիրին մէջ դժուար է ճշգրիտ նախաձեռնութիւններ իրականացնել», նշեց Բակօ Սահակեան:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը աւելցուց, որ Ազրպէյճանի կեցուածքը եզրակացնել կու տայ, որ ան պատրաստ չէ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստելու եւ արհեստականօրէն  կը ստեղծէ լարուածութիւն, որուն նպատակն է միջնորդներու խաղաղ ճամբով տագնապը լուծելու նախաձեռնութիւնները խոչընդոտել:

«Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ կը զոհուին անմեղ զինուորներ ու սպաներ, եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին ներկայացուցինք, որ այդ լարուածութիւնը որեւէ առաւելութիւն չի տար կողմերուն: Հետեւաբար, այս անգամ մը եւս ապացոյց է, որ Ազրպէյճան այդ լարուածութիւնը արհեստականօրէն կը ստեղծէ», ընդգծեց նախագահ Բակօ Սահակեան:

Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ համաձայն են նաեւ, որ ԵԱՀԿ-ն օգտագործելով իր լիազօրութիւնները, պատժամիջոցներ կիրարկէ բոլոր կողմերուն նկատմամբ, որոնք կը խախտեն գոյացած համաձայնութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES