ՀՅԴ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԻՆ
19 մարտին Աթէնքի մէջ կայացաւ Ընկերվար միջազգայնականի նախագահութեան նիստը` նախագահութեամբ կազմակերպութեան նախագահ եւ Յունաստանի վարչապետ Եորկոս Փափանտրէուի: Նախագահութեան նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանէն կազմակերպութեան փոխնախագահ, ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիա Թիթիզեանը:
Նախագահութեան նիստը կեդրոնացաւ արաբական աշխարհի վերջին զարգացումներուն վրայ, քննարկուեցան միացեալ քայլերու կարելիութիւնները` ժողովրդավարական այս յեղափոխութիւններու նպատակներուն յաջողութեան համար:
Միօրեայ ժողովի օրակարգին վրայ էր նաեւ Փղոսկրեայ Ափունքը, ուր Ընկերվար միջազգայնականին անդամ կուսակցութիւնը` Փղոսկրեայ ժողովրդային ճակատը կախակայուած է, երկրին մէջ տիրած յետընտրական տագնապին պատճառով:
Ընկերվար միջազգայնականի նախագահութիւնը նաեւ քննարկեց անդամակցութեան եւ անդամ կուսակցութիւններու պարտաւորութեանց կատարման վերաբերեալ սկզբունքային հարցեր: