50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՊԱՔՈՒ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ

300,000 ՀԱՅԵՐ ԿԱՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ
ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ

ՀԱՅ ՃԱՐՏԱՐԱԳԷՏԻ ՄԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆԸ

Տ. Տիրատուրեանի «Ճամբու նոթեր»էն կը քաղենք հետեւեալ շահեկան տեղեկութիւնները Պաքու եւ հայերու մասին.-

Մոսկուայէն Պաքու 2000 քիլոմեթր հեռաւորութիւնը օդանաւը կը կտրէ երեքուկէս ժամէն: Պաքու չհասած` Կասպից ծովու տարածութեան վրայ կ՛երկարին նաւթահորերու ընդարձակ «անտառները»:

Պաքու կը նշանակէ հովերու քաղաք: Յաճախ կը փչէ տաք հով մը:

Խորհրդային Միութեան քաղաքներուն մէջ, իր մեծութեամբ, Պաքու 4-րդ տեղը կը գրաւէ Մոսկուայէն, Լենինկրատէն եւ Քիեւէն ետք: Ունի մէկ միլիոն բնակիչ, որուն մօտաւորապէս 300,000ը հայեր են:

Պաքու ճանչցուած է Խ. Միութեան քարիւղի ամենակարեւոր շրջանը. 9 դարեր անցած են այն օրէն, երբ արաբները Պաքուի մօտ յայտնաբերեցին «վառող հողերը»: Այդ պատճառով Ազրպէյճան կը կոչուի նաեւ «յաւիտենական կրակի երկիր»:

Պաքուի քարիւղի հետազօտութիւններու եւ սարքաւորումներու հիմնարկութեան տնօրէնն է հայ մը` ճարտարագէտ Ա. Դանիէլեան:

ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՄԸ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ

Ալճերիական կռիւներուն մէջ հայերու տուած զոհերուն վրայ աւելցած է նորաբողբոջ հայու մը արեան տոկոսը: Ժան Քլոտ Ծառուկեան, որ նորսերնդական աշխուժ վառվռուն ու գործունեայ երիտասարդ մըն էր:

Այս կորուստը մասնաւորաբար իր ծնողքին համար եղած է կսկծալի եւ անդարմանելի: Իր եղբայրը` Անդրանիկ, ծովամոյն եղած էր 1947-ին. քեռայրը 27-29 տարեկանին զոհ գացած էր անբուժելի հիւանդութեան:

Երբ դժբախտութեան ուրուականը կը հալածէ ազգ մը կամ ընտանիք մը, ձեռք առնուած ամէն նախազգուշութիւն կը փշրուի` մատնելով զանոնք յուսահատութեան:

ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ Գ. ՏԷԳՊԱԶԵԱՆ
ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՊԵՏ

Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ Լիբանանի հանրօգուտ շինութեանց նախարարութենէն ներս կատարուած բարեկարգութեանց առթիւ, ծանօթ ճարտարապետ Գառնիկ Տէգպազեան, աստիճանի բարձրացում ունենալով, նշանակուած է ճարտարապետական ուսումնասիրութեան գրասենեակի պետ` պետական շէնքերու տնօրէնութեան մէջ:

ԲԵՐԻՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ
ՀԱԼԷՊԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

«ԶԱՐԵՀ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵՐ ՄԵԾ ԲԱՐԵԿԱՄՆ Է»
Կ՛ԸՍԷ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԸ

Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներու, անցեալ շաբաթ օր այցելեց Հալէպի նորընտիր նահանգապետ Ֆուատ Հալէպիին: Սրբազան հայրը հաղորդեց Զարեհ Ա.ի ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները եւ հայ համայնքին կողմէ ներկայացուց յարատեւ յաջողութեան եւ երջանկութեան սրտագին մաղթանքներ: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց սուրիական քաջարի բանակը եւ նորակազմ կառավարութիւնը: Մենք, աւելցուց սրբազան հայրը, նուիրումով կը ծառայենք ու պատրաստ ենք ամէն զոհողութիւն ընելու եւ ամէն աջակցութիւն բերելու մեր սիրելի հայրենիքին յարաճուն վերելքին համար:

Նահանգապետ Ֆուատ Հալէպին շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր այցելութեան համար եւ խնդրեց, որ իր խորին շնորհակալութիւնները փոխանցէ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին, «որ»ուն հետ սերտ գործակցութեամբ միասին ծառայեցինք այս հայրենիքին: «Ան մեր մեծ բարեկամն է», աւելցուց նահանգապետը: Ապա ըսաւ. «Մեծապէս կը գնահատենք հայ ժողովուրդը, որ միշտ բոլորանուէր ծառայութեամբ, անկեղծութեամբ ու զոհաբերութեամբ օգտակար եղած է եւ կ՛ըլլայ Սուրիոյ եւ համայն արաբ աշխարհին: Պիտի գործակցինք այս ժողովուրդին ծառայելու համար»:

Նահանգապետէն ետք սրբազան հայրը այցելեց Հալէպի ոստիկանութեան նորընտիր տնօրէն գնդապետ Պեհաէտտին Տաղիստանիին, որ ժպտագին ընդունեց պատուիրակութիւնը:  Սրբազան հայրը անկեղծ բարեմաղթութիւններ ներկայացնելէ ետք յայտարարեց, թէ հայ ժողովուրդը միշտ պատրաստ է ամէն զոհողութիւն ընելու սուրիական սիրելի հայրենիքին եւ արաբ աշխարհին վերելքին համար:

«Քաջ գիտակից ենք ատոր,- ըսաւ գնդապետը:- Ծառայութեանս ընթացքին փաստօրէն տեսած եմ հայ ժողովուրդին ծառայութիւնը եւ անկեղծութիւնը: Մենք եւ դուք միշտ ձեռք ձեռքի, փոխադարձ գործակցութեամբ պիտի ծառայենք»:

Գնդապետ Պեհաէտտին Տաղիստանի եւս յայտնեց, թէ ինք միշտ պատրաստ է ընդառաջելու ամէն խնդրանքի:

ՊՈԼՍՈՅ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ
ԻՆՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Անցած կիրակի կրօնական եւ աշխարհիկ մեծ հանդիսութիւններ տեղի ունեցած են Պոլսոյ մէջ, Ս. Խաչ դպրեվանքի հիմնադրութեան 9-րդ տարեդարձին առթիւ: Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ պատարագած եւ քարոզած է նորընտիր պատրիարք Շնորհք եպս. Գալուստեան:

Կրօնական արարողութիւններէն ետք, դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ, նախագահութեամբ պատրիարք հօր եւ ներկայութեամբ մեծ բազմութեան մը տեղի ունեցած է հանդիսութիւնը, գեղարուեստական ճոխ յայտագրով մը: Խօսուած են ճառեր: Պատրիարքն ալ ուղերձ մը կարդացած է:

Share this Article
CATEGORIES