ԻՆՉՈ՞Ւ ԺԱՄԸ ԿԸ ՓՈԽԵՆՔ ԱՄԷՆ ՁՄԵՌ
Հոկտեմբերի վերջաւորութեան մենք մեր ժամացոյցները մէկ ժամ ետ կը տանինք: Ահա թէ ինչո՛ւ:
– Օրերը նուազ երկար են, աւելի շուտ կը մթննայ
Որովհետեւ երկրագունդը իր առանցքին վրայ հսկած է, հիւսիսային կիսագունդը 21 յունիսէն սկսեալ ամէն օր աւելի քիչ ժամանակ լոյս կը ստանայ: Հոկտեմբերէն սկսեալ, կէսօրէ ետք արդէն կը մթննայ, մարդիկ լոյսերը շատ կանուխ կը վառեն եւ ելեկտրականութիւն աւելի կը սպառեն: Հետեւաբար 1975 թուականին տրուեցաւ ժամերը փոխելու որոշումը` մեր կեանքի կշռոյթը բնական լուսաւորումին յարմարցնելու եւ յատկապէս ուժանիւթի խնայողութիւններ ընելու համար:
– Ձմեռնային ժամով մենք մէկ ժամ աւելի կը քնանանք
Առաջին գիշերը մենք մէկ ժամ քուն կը շահինք: Սակայն երբեմն մանուկները ժամի այս փոփոխութենէն կը խանգարուին, եւ անոնք քանի մը օրուան պէտք կ՛ունենան այս նոր կշռոյթին վարժուելու համար:
Հանրային վայրերը, ինչպէս նաեւ կայարանները առտուան ժամը երեքը կը սպասեն` բոլորը միասին իրենց ժամերը փոխելու համար, երթեւեկի խանգարում չստեղծելու համար:
– Գիտէի՞ր, թէ…
Արեւադարձային շրջաններու երկիրները ժամ չեն փոխեր, որովհետեւ անոնք կը գտնուին հասարակածին մօտ: Հոն ցերեկը եւ գիշերը միշտ նոյն տեւողութիւնը ունին:
ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ

Գետնառիւծին լեզուն իր մարմնին չափ երկար կրնայ ըլլալ:- Մեքսիքօ քաղաքին տակէն կը հոսի 152,8 քմ երկարութեամբ գետ մը:
- Ամէն տարի մօտաւորապէս 16 միլիոն փոթորիկներ տեղի կ՛ունենան աշխարհի վրայ:
- Կարգ մը մեղրահաւերու սիրտը կրնայ մէկ վայրկեանին մէջ մինչեւ 1000 անգամ տրոփել:
- Ներկայի հաշուիչ մեքենաներուն մեծ մասը շատ աւելի հզօր են, քան` աշխարհի առաջին համակարգիչը:
- Վագրին մարմնին աջ եւ ձախ կողմի գիծերը իրարմէ տարբեր են:
- Ռուսիա Ալասքայէն միայն 3,2 քմ հեռու կը գտնուի:
- Շանաձուկերը ոսկոր չունին:
- Կատուները քաղցր համերը չեն զգար:
- Կարգ մը մարդամեքենաներ կրնան զանազանել պանիրներու համեր:
- Երկրագունդին կորիզը մօտաւորապէս Հրատ մոլորակին մեծութիւնը ունի:
- Ամէն օր տեղի կ՛ունենան հազարաւոր փոքր երկրաշարժեր:
- Վագր մը կրնայ մէկ անգամով աւելի քան 36 քիլօ միս ուտել:
- Մարդոց մեծ մասը իր կեանքէն մօտաւորապէս հինգ տարի կ՛անցընէ ուտելով:
- Գետաձին կրնայ մարդ արարածի մը չափ արագ վազել:
ԿՐՆԱ՞Ս ՎԵՐԱԿԱԶՄԵԼ
ՊԱՏԿԵՐԸ

Ձախ կողմի պատկերին կտորները լուսապատճէնահանող մեքենայով նկարէ: Ապա զանոնք կտրէ եւ փորձէ պատկերը վերակազմել աջ կողմի տախտակին վրայ: Գործդ դիւրացնելու համար կտորներէն մէկը արդէն զետեղուած է:
ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐԸ
ՀԱԼՈՈՒԻՆ ԿԸ ՏՕՆԵՆ
Իրլանտայէն եկած կելտական (սելթիք) ժողովուրդէն ժառանգուած հալոուինի տօնը իսկական ազգային տօն մըն է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Անիկա յատկապէս առիթ մըն է մանուկներուն` սարսափազդու կերպարներու տարազներով ծպտուելու համար:
Հալոուինը կը տօնուի 31 հոկտեմբերին: Անիկա հաւանաբար եկած է կելտական հին տօնէ մը: Աւելի քան 2500 տարիներ առաջ, տարուան վերջաւորութեան, որ այդ ժամանակաշրջանին կը տօնուէր մեր հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, կելտերը մեծ խարոյկներ կը վառէին, որպէսզի եկող տարին բախտաբեր ըլլայ: Անոնք կը յուսային այս ձեւով գէշ ոգիները հեռացնել: Մեծ խրախճանք մը կը պատրաստուէր եւ բոլորը կը մասնակցէին: Հետագային, քրիստոնէական շրջանին, այս տօնակատարութիւնը միացուեցաւ Ամենայն Սրբոցին եւ մեռեալներու տօներուն հետ, որոնք կը տօնուին 1 եւ 2 նոյեմբերին:
ՈՒՐԿԷ՞ ԵԿԱԾ Է
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՆՈՒՆԸ
Ամերիկօ Վեսփուչի Ամերիկա գացած է բազմաթիւ անգամներ: Անոր վերադարձին, Վոժերու շրջանէն տպագրիչ մը այս ճամբորդին անունը ընտրած է նշելու այն շրջանները, որոնց գոյութիւնը եւրոպացիները նոր իմացած էին:
1454 թուականին Իտալիա ծնած Ամերիկօ Վեսփուչի մասնակցած է չորս արշաւներու, որոնց նպատակն էր 1492 թուականէն ի վեր Քրիստափոր Քոլոմպոսի կողմէ նոր յայտնաբերուած հողամասերուն ծանօթանալ:
1502 թուականին ան գրած է մոնտուս նովուսը (լատիներէն` նոր աշխարհ): Հինգ տարի ետք, Վոժերու շրջանէն տպագրիչ վանական մը այս քարտիսագրութեան մասնագէտ հետախոյզին անունը ընտրած է անուանելու համար այս «Նոր Աշխարհը», որ այդ թուականէն ի վեր կը կոչուի «Ամերիկա»:
ԼԱՏԻՆԵՐԷ՞Ն ԿԸ ԽՕՍԻՆ
ԼԱՏԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ
Ո՛չ, սակայն հոն մարդիկ կը խօսին լատիներէնէն սերած լեզուներ` սպաներէն եւ փորթուգալերէն: Ամերիկեան ցամաքամասին մեծ մասը երկու եւրոպական ժողովուրդներ` սպանացիները եւ փորթուգալցիները հետախուզած են 16-րդ դարէն սկսեալ:
Լատին Ամերիկան կ՛ընդգրկէ մեծ մասամբ Հարաւային եւ Կեդրոնական Ամերիկաները (մինչ Կիւյանան եւ Սուրինամը չեն պատկանիր անոր, որովհետեւ անոնք անգլիական եւ հոլանտական գաղութներ եղած են): Ան կ՛ընդգրկէ նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայէն մաս մը (Մեքսիքա): Այս շրջանները ո՛չ միայն հնդիկ հին քաղաքակրթութիւններէն ժառանգուած տարրերու միութիւն մը ունին, ալ անոնք ունին նաեւ հասարակաց գիծեր` լեզուի, մշակոյթի եւ կրօնի:
ԺԱՄԱՆՑ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ





