ԱՐԻՆ ՉԵՐՉԵԱՆԻՆ ԱՆՎԵՐԱԴԱՐՁ ՄԵԿՆՈՒՄԻՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԹԻՒ…
Արդէն իսկ քառասուն օրեր անցած են քու մեկնումէդ, եւ տակաւին չենք կրնար հաւատալ, թէ դուն մեկնեցար անվերադարձ` անմխիթար ձգելով ծնողքդ, հարազատներդ, դասընկերներդ, բարեկամներդ եւ բոլոր քեզ ճանչցողները:
Յուղարկաւորութեանդ, երբ ծովածաւալ բազմութիւն մը եկած էր քեզի իր վերջին հրաժեշտը տալու, քու ժպտուն դիմագիծով եւ մեղմանուշ նայուածքով նկարդ կը դիմաւորէր զիրենք` առաւել եւս սաստկացնելով բոլորին ցաւն ու վիշտը:
Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ տակաւին 21 գարուններ չբոլորած, հրեշտականման հոգիիդ անժամանակ մեկնումը: Ինչպէ՞ս կարելի է հանդուրժել եւ ընդունիլ համալսարանի վերջին տարուան ուսանող` աշխուժ ու խոստմնալից երիտասարդուհիի մը անվերադարձ մեկնումը: Երկար է շարքը ինչպէսներու, որոնք դժբախտաբար պիտի մնան անպատասխան:
Սիրելի՛ Արին, դուն մեղմ ու հեզահամբոյր խառնուածք մը ունէիր:
Ուսումնատենչ էիր եւ յամառօրէն աշխատեցար պատուաբեր արդիւնքներով աւարտելու երկրորդական ուսումդ եւ յաջողեցար: Սակայն, աւա՜ղ, համալսարանական ուսման առնչութեամբ ծրագիրներդ մնացին թերաւարտ: Հակառակ երիտասարդ տարիքիդ` ունէիր աշխուժ ընկերային, մշակութային եւ մարզական գործունէութիւն: Մանկութենէդ կը սիրէիր պարը, մանաւանդ հայկական պարը: Երկարամեայ անդամն էիր ՀԵԸ¬ի պարախումբին, եւ ելոյթներուն բոլորին ուշադրութիւնը կը գրաւէիր քու հեզաճկուն պարովդ եւ լուսաշող ժպիտովդ: Անդամ էիր ՀԲԸՄ¬ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Սանուց միութեան, նաեւ` Հայկազեան համալսարանի «Հերիթէյճ քլապ»ին: Համալսարանին մէջ ունէիր մարզական աշխուժ գործունէութիւն: Քու նախաձեռնութեամբ վերակազմուած էր համալսարանին աղջկանց ոտնագնդակի խումբը, որուն խմբապետն էիր եւ քու ներդրումիդ ու գործունէութեանդ համար ստացած էիր յատուկ գնահատագիր: Ունէիր բազմաթիւ երազներ ու ծրագիրներ, եւ սակայն…
Սիրելի՛ Արին, դուն, որ կեանքիդ ընթացքին չէիր փափաքեր ոեւէ մէկը նեղացնել եւ կը փորձէիր օգտակար ըլլալ բոլորին, լացուցիր հազարաւորներ, որոնք քեզ ճանչցած էին մօտէն թէ հեռուէն: Տակաւին շա՜տ շատեր կը շարունակեն լալ ու սգալ, որովհետեւ այսքան վաղաժամ կորուստդ թէ՛ անընդունելի է եւ թէ՛ ալ` անսփոփելի:
Այո՛, սիրելի՛ Արին, ճիշդ է, որ դուն ֆիզիքապէս հեռացար մեզմէ, սակայն վստահ եղիր, թէ քու մեղմանուշ ժպիտդ, պայծառ դէմքդ եւ հեզահամբոյր նկարագիրդ երբեք պիտի չմոռնանք, եւ դուն ընդմիշտ պիտի ապրիս մեր բոլորին սրտերուն մէջ:
ՎԵՐԺԻՆ ԵՒ ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆՆԵՐ


