ԵՄԷՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՑԵՂԱԽՈՒՄԲԸ ԱՆՈՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Ցոյցերու զոհերուն յուղարկաւորութիւնը

Տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ երէկ մաս կազմեցին իշխանամէտ զինեալներու կողմէ սպաննուած ցուցարարներու յուղարկաւորութեան, իսկ Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի ցեղախումբը անոր կոչ ուղղեց հրաժարելու, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը վայելող նախագահը զրկեց կենսական զօրակցութենէ մը:

Կը թուի, թէ նախագահ Սալեհ մայրաքաղաքին մէջ իր մարտավարութիւնը փոխած է: Արդարեւ, ան Սանաայի համալսարանին շրջակայքէն հեռացուց ոստիկանութիւնն ու մասնայատուկ ուժերը եւ զանոնք փոխարինեց մեծ մասամբ անզէն տարրերէ բաղկացած ուժով մը:

Ուրբաթ օր իշխանամէտ եւ կառավարական ուժերու յարձակումներուն պատճառով 44 ցուցարարներու սպանութենէն ետք Եմէնի ամէնէն կարեւոր կրօնական ղեկավարները Սալեհին կոչ ուղղեցին հրաժարելու, եւ երկրին մարդկային իրաւանց նախարարը յայտարարեց, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Երէկ իրենց հրաժարականը ներկայացուցին նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Եմէնի դեսպանն ու Լիբանանի մէջ Եմէնի դեսպանը:

Երէկ բազմահազար ցուցարարներ ողողեցին Սանաայի համալսարանի հրապարակը, իսկ Ատենի, Հատրամաութի, Իպպի, Հուտայտայի, Տհամարի եւ Թայիզի մէջ զօրակցական հաւաքներ տեղի ունեցան: Հաւաքներուն մասնակից ընդդիմադիր կուսակցութիւնները յայտնեցին, որ իրենք քաղաքական բարեփոխումներու իրենց պահանջը փոխարինած են Սալեհի հեռացման պահանջով:

Այստեղ յայտնենք, որ երէկ Եմէնի նախագահը երկրին կառավարութիւնը լուծարեց:

 

Share this Article
CATEGORIES