ՄԱՐՈՔԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ
Հարիւրաւոր անձեր, ներառեալ` իսլամականներ, երէկ Ռապաթի, Քազապլանքայի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ մասնակցեցան ժողովրդավարական բարեփոխումներ եւ ընկերային արդարութիւն պահանջող ցոյցերու:
Մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ ցուցարարները կը բացագանչէին. «Մարոքցի ժողովուրդը փոփոխութիւն կը պահանջէ»: Անոնք պահանջեցին, որ կառավարութիւնը հրաժարի, եւ բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին` «Մարոքցի ժողովուրդի ազատութեան եւ արժանապատուութեան համար»:
Մարոքի մեծագոյն քաղաքին` Քազապլանքայի մէջ ցուցարարները կը բացագանչէին` «Ո՛չ փտածութեան եւ ո՛չ մտերիմներու շահագիտութեան», ոմանք նաեւ պահանջեցին «իշխող, սակայն չկառավարող թագաւոր մը»:
Այսպէս կոչուած «Փետրուար 20 շարժումը» կոչ ուղղած էր կիրակի օր ցոյց կատարելու, հակառակ Մարոքի Մոհամետ Զ. թագաւորի` անցեալ ամիսներուն ժողովրդավարական համապարփակ բարեփոխումներու, ներառեալ` ընտրովի վարչապետի եւ անհատական աւելի լայն ազատութեանց ի նպաստ յայտարարութեանց: