ՊԱՀՐԷՅՆ ՄԱԿ-ԷՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԻՐ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ «ԻՐԱՆԵԱՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ» ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ

ՄԱԿ-ի մօտ Պահրէյնի պատուիրակութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին յանձնեց նամակ մը, որով կը բողոքէ Պահրէյնի ներքին հարցերուն Իրանի միջամտութեան դէմ: Նամակը Պան Քի Մունէն կը խնդրէ իրանեան միջամտութեան վերջ տալու համար անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն դիմել:

Պահրէյնի կառավարութիւնը նոյնպիսի բովանդակութեամբ նամակ մը յանձնեց նաեւ Արաբական լիկայի եւ Իսլամական պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարներուն:

Իրան Պահրէյնի մէջ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներէ ուժերու ներկայութիւնը «անընդունելի» նկատած էր:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը Իրանի փոխանցած է, թէ Ծոցի երկիրներէն ուժերու Պահրէյնի մէջ ներկայութիւնը օրինական է եւ անոնք բռնագրաւումի ուժեր չեն: Ան նշեց, թէ Սուրիա Պահրէյնի կայունութիւնը կարեւոր կը նկատէ:

Միւս կողմէ, Պահրէյն երէկ Իրանի դեսպանատան գործավարին պատուիրեց երկուշաբթի օրուընէ առաջ հեռանալ երկրէն, որովհետեւ դեսպանատան աշխատանքը դիւանագիտական ներկայացուցչութենէ վերածուած է գաղտնի սպասարկական աշխատանքի մը, որուն նպատակը երկիրը ապակայունացնելն է:

 

Share this Article
CATEGORIES