ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐՈՒ` ՍԱՐԳԻՍ ՉՈԼՈՅԵԱՆԻ, ԲԱԲԳԷՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ ԵՒ ՄԱՆՈՒՇԱԿ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՏԱԽՏԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին եւ անոր յաջողութիւններուն, կրթական, ակադեմական թէ այլ մարզերու մէջ արձանագրուած նուաճումներու հետ սերտ ու անմիջական առնչութիւն ունեցող, դպրոցի կազմաւորման եւ գոյատեւման յաջող հոլովոյթին մէջ իւրայատուկ դրոշմ ձգած Սարգիս Չոլոյեանի, տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի եւ Մանուշակ Պոյաճեանի նուիրուած հանդիսութիւն եւ յուշակոթողի բացում տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 28 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հովանաւորութիւնը կրող այս հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի քայլերգներով: Ապա խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան, որ ազգային այս վարժարանի գոյատեւման եւ անոր երթի շարունակութեան պատճառներն ու երաշխիքները նկատեց այն հիմերը, որոնք դրուած են Սարգիս Չոլոյեանի, տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի եւ Մանուշակ Պոյաճեանի կողմէ: Ան դիտել տուաւ, որ այս երեք տնօրէններուն ունեցած պայծառ տեսլականը, վճռակամութիւնը, անկոտրում կամքը վարակիչ դարձած են, այդ պատճառով ալ պէտք չէ մտահոգուիլ ապագայի մարտահրաւէրներով:

Զոհրապ Ղազարեան

Զ. Ղազարեան շեշտը դրաւ դպրոցին կարեւորութեան վրայ` դիտել տալով, որ անիկա տեղ մըն է, ուր կը կերտուի մարդը, իսկ մեր պարագային` մարդն ու հայը, որոնք հայկական դպրոցին մէջ ո՛չ միայն ուսում կը ստանան, այլեւ կը թրծուին իբրեւ մարդ, հայ, առաջնորդ եւ ղեկավար: Այս հաւատքով ալ, նշեց տնօրէնը, Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածները իրենց բնակարանին եւ եկեղեցւոյ կողքին հիմնեցին հայկական դպրոցը, որ նոյնքան սուրբ նկատուեցաւ, որքան եկեղեցին` նկատի ունենալով, որ հայկական դպրոցը լոկ շէնք չէ, այլ շունչ, ոգի, երազ, գաղափար եւ նպատակ:

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնը նշեց, որ այդ կառոյցին նուիրուած եւ ամենայն զոհաբերութեամբ գործած այդ երեք տնօրէններուն շնորհիւ կարելի եղած է ունենալ այնպիսի շրջանաւարտներ, որոնք ոչ միայն հայկական, այլ լիբանանեան եւ միջազգային մակարդակի վրայ դպրոցին անունը բարձր կը պահեն: Իր խօսքը աւարտելով` Զ. Ղազարեան յոյս յայտնեց, որ յուշատախտակը խթան հանդիսանայ նոր սերունդին` քալելու այս երեք յարգելի անձնաւորութիւններու ուղիէն:

Ապա վարժարանի աշակերտներէն Շողակաթ Սալխանեան սրինգ նուագեց, իսկ դպրոցի շրջանաւարտներէն Ռուպինա Զաքարեան դաշնակի վրայ նուագ մը հրամցուց ներկաներուն:

Շաղիկ Խիւտավերտեան

Օրուան բանախօսն էր Սարգիս Չոլոյեանը, տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը եւ Մանուշակ Պոյաճեանը իբրեւ տնօրէն ունեցած Շաղիկ Խիւտավերտեան, որ հարազատութեամբ ներկայացուց երեք տնօրէններն ու անդրադարձաւ անոնց շնորհակալ գործունէութեան: Ան դիտել տուաւ, որ այս ձեռնարկով կ՛ոգեկոչուի յիշատակը երեք անխոնջ աշխատողներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրին բերած նպաստը եւ ունեցած ներդրումը երաշխաւորեցին վարժարանին փայլուն ընթացքն ու յարատեւ վերելքը:

«Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանը իր առաջին քայլերը առաւ Սարգիս Չոլոյեանի օրերուն, ամուր հիմերու վրայ հաստատուեցաւ տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի տնօրէնութեան շրջանին եւ յառաջդիմեց ու կրթական ճառագայթող եւ օրինակելի հաստատութիւն դարձաւ շնորհիւ Մանուշակ Պոյաճեանի հետեւողական աշխատանքին», նշեց Շ. Խիւտավերտեան:

Ան դիտել տուաւ, որ Սարգիս Չոլոյեան հանդիսացած է համեստութեան եւ ծառայութեան տիպար, յաջող ուսումնառութեան եւ հայեցի կրթութեան ջատագով, որ կը փորձէր ազգային ոգիով տոգորուած, հայու ինքնութեան գիտակցութիւնը կերտել աշակերտներուն մէջ: Շ. Խիւտավերտեան բոլորին նկատմամբ յարգանք տածող, նկարագիր կերտող, ուսուցանելու, աշակերտներուն հոգիները պեղելու եւ մտքերը փոթորկելու յատուկ կարողութեամբ օժտուած անձնաւորութիւն նկատեց տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը, որուն համար կարեւորագոյն տեղը կը գրաւէին պահանջատէր եւ ազգային իղձերը, տեսլականները սերմանել աշակերտներուն մօտ: Մանուշակ Պոյաճեանի մասին խօսելով` ան ըսաւ, թէ տնօրէնութեան ստանձնման օրէն մինչեւ իր մահը դպրոցին ողնասիւնը հանդիսացած, դպրոցն ու իր էութիւնը միախառնած, աննման ու անկրկնելի անձնաւորութիւն էր Պոյաճեան, որուն շատ բան կը պարտի Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը` իր տարած յաջողութիւններուն ու արձանագրած վերելքին գծով: Ան աւելցուց, որ Մ. Պոյաճեան ունեցաւ ամբողջանուէր ծառայութիւն եւ բովանդակալից գործունէութիւն, հաւասարակշռուած եւ վաւերական հեղինակութիւն ըլլալով` կազմակերպեց դպրոցական բոլոր աշխատանքները, որոնց վրայ խարսխուեցան ապագայի գործունէութիւնները:

Իր խօսքը աւարտելով` Շաղիկ Խիւտավերտեան դիտել տուաւ, որ իր աշակերտութեան թէ ուսուցչութեան շրջանին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի զանգը ունեցած է յատուկ արժէք ու պատգամ, փոխանցած է հաւատք, ազգային արժէքներ եւ բարոյական սկզբունքներ, մղողը եղած է ազնիւ ու արդար աշխատանքի, նաեւ հրաւէր ուղղած է լծուելու անշահախնդիր ու անանձնական գործի:

Ապա դաշնակի վրայ նուագով մը հանդէս եկաւ շրջանաւարտ Լէոնի Ստեփանեան:

Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նման նախաձեռնութիւն մը նկատեց աւելի խորքային եւ արժէքաւոր, քան լոկ յուշատախտակի մը բացման արարողութիւնը, որովհետեւ անիկա կը մղէ մտածելու այս անձնաւորութիւններուն մարմնաւորած արժէքին եւ հայկական կրթական կեանքին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին մասին: Անոր համաձայն, շնորհիւ այս երեք տնօրէններուն, տարբեր ժամանակաշրջաններուն նետուած ձեռնոցները վերցնողներ եղան, որովհետեւ Սարգիս Չոլոյեան, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան եւ Մանուշակ Պոյաճեան դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն դէմ յանդիման կանգնելու կարողականութեամբ օժտուած էին ու այդ մէկը նաեւ փոխանցեցին իրենց շրջապատին: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ այս երեք տնօրէններուն ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը հաւատք ու երաշխիք տուին դպրոցին, որովհետեւ անոնք հանդիսացան խթանողներ եւ աշխատանքի մղողներ:

Իր խօսքը աւարտելով` Գեղամ արք. Խաչերեան յայտնեց, որ յուշատախտակը պէտք է ուղեցոյց ըլլայ եւ յուշարար, թէ թանկագին աւանդ մը փոխանցուած է եւ անիկա պէտք է լաւապէս պահպանուի:

Հանդիսութենէն ետք քոլեճի մուտքին տեղի ունեցաւ յուշատախտակի բացում:

 

 

Share this Article
CATEGORIES