«ԱԶԴԱԿ»Ի «ՓԻՒՆԻԿ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԳԵՐԱԶԱՆՑ ՆԻՇԵՐ ԱՊԱՀՈՎԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Պարգեւատրուած գերազանցիկները

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, երէկ` ուրբաթ, 28 հոկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2010-2011 տարեշրջանի պաքալորէայի քննութիւններուն գերազանց նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէններու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Շաղիկ Չափարեան, որ նշեց, թէ հայկական վարժարաններու պարտաւորութիւններէն են որակաւոր եւ բարձր մակարդակի ուսման հայթայթումը, ազգային դաստիարակութեան փոխանցումը: Ան ըսաւ, որ պետական քննութիւններու արդիւնքները կը վկայեն, որ հայկական վարժարաններուն ջամբած ուսումը բարձրորակ է, մինչ ազգային դաստիարակութիւնը բարդ խնդիր է եւ հետագային պէտք է արժանանայ յաւելեալ ուշադրութեան: Չափարեան ըսաւ, որ օտար վարժարան յաճախող իւրաքանչիւր աշակերտի հետ կը կորսուի հայ մարդուժէն անձ մը, որուն «տունդարձ»ը մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է:

Շաղիկ Չափարեան

Կարօ Յովհաննէսեան

Ապա օրուան պատգամը փոխանցեց Կարօ Յովհաննէսեան, որ յայտնեց, թէ ԶՈՄ-ի այս նախաձեռնութիւնը տարիներու թաւալքին մէջ աւանդութիւն մը դարձած է, որ կու գայ հաստատելու, որ միութիւնը իր առաքելութեան բարձրութեան վրայ կը գտնուի եւ արժանի է գուրգուրանքի:

Յովհաննէսեան ըսաւ, որ Լիբանանի կրթական-ուսումնական բարեփոխուած նոր ծրագիրը դժուարութիւններ յառաջացուցած է նաեւ մեր վարժարաններուն մէջ, սակայն մեր դպրոցներու ուսումնական մակարդակը չգտնուեցաւ անկումային վիճակի մէջ: Ան յայտնեց, որ ոմանք անարդարօրէն կ’առարկեն, որ հայկական վարժարանները լեզու չեն սորվեցներ եւ անոնց շրջանաւարտները տեղ չեն հասնիր: Ան աւելցուց, որ այս առարկութիւնները անհիմն են, եւ իրողութիւնը այն է, որ լիբանանեան եւ միջազգային լրատու կայաններու եւ տեղեկատուական ցանցերու մէջ կը գործեն մեծ թիւով հայեր, որոնք շրջանաւարտ են հայկական վարժարաններէ:

Կարօ Յովհաննէսեան նշեց, որ ինք կը նախընտրէ Ֆիզիքապէս խարխլած հայ դպրոցը օտարին շքեղ կառոյցէն, որովհետեւ վերջինս շքեղութիւնն է, որ կը տկարացնէ մեր հոգեկան կառոյցը, բայց խարխլած կառոյցն է, ուր ծնունդ առած են մեր բոլոր սուրբերն ու հերոսները եւ մտաւորականները:

Խօսելով հայեցի դաստիարակութեան մէջ առկայ խնդիրներուն մասին` ան ըսաւ, որ վարժարաններու հայագիտական նիւթերու ծրագիրը կը պարզէ շատ խառնաշփոթ վիճակ: Ան ըսաւ, որ արգելք չկայ պետական քննութիւններուն եւ հայեցի դաստիարակութեան ծրագիրներու գործադրման մէջ: Կարօ Յովհաննէսեան ըսաւ, որ հայրենիքը պէտք է զգացուի դպրոցին մէջ, որ վեր պէտք է մնայ բոլոր նկատառումներէն:

Իր խօսքի աւարտին, Յովհաննէսեան ըսաւ, որ հայութիւնը ունի «Լուսաւորիչի կանթեղ»ը, որ հայութեան գոյատեւման գաղտնիքն է: Ան կոչ ուղղեց պարգեւատրուողներուն ունենալու այդ լոյսը, որ ազգը կը պահէ առյաւէտ:

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրէն ետք տեղի ունեցաւ Լիբանանեան պաքալորէայի չորս բաժիններու (Կենսաբանութիւն, գրականութիւն, ընդհանուր գիտութիւն եւ տնտեսագիտութիւն) եւ Ֆրանսական պաքալորէայի բարձրագոյն երեք նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրումը: Հանդիսութեան նաեւ պարգեւատրուեցան գերազանց նիշ ապահոված մնացեալ աշակերտները:

Share this Article
CATEGORIES