ՄԻՆՉ ՄԱՐԴԻԿ ՊԱՆՔՈՔԷՆ ԿԸ ՓԱԽՉԻՆ` ԵՐԿՐԱՉԱՓՆԵՐԸ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԵՆ ՊԱՅԹԵՑՆԵԼ ՃԱՄԲԱՆԵՐԸ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հազարաւոր մարդիկ փախուստ կու տան Պանքոքէն: Փողոցներն ու մայրուղիները լեցուած են ինքնաշարժներով, որովհետեւ ջրհեղեղի պատճառով մարդիկ կ՛ուզեն լքել քաղաքը:
Պանքոքի գլխաւոր գետին` Չառ Փրայայի ջուրերը յորդած են: Շէնքերու գետնայարկերը ամրացուած են շաքարաւազի պարկերով:
Երկրին վարչապետը նշած է, որ կ՛ուսումնասիրուի կարելիութիւնը Պանքոքի արեւելեան հատուածին մէջ ջրանցքներ փորելու, որպէսզի ջուրը լեցուի Թայլանտի ծոցը: Այս որոշումին կողմ է նաեւ «Թոյոթա Մոթորզ» ընկերութեան նախագահը, որուն գործարանները մեծ վնասներ կրած են:
Երէկ առաւօտեան, Պանքոքի Մեծ պալատին դիմաց, ուր բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կը գտնուին, բռնած են երկու մեթր երկարութեամբ օձ մը: Բնակիչները կը վախնան նաեւ կոկորդիլոսներէն, որոնք փախուստ տուած են բուծարանէ մը, որ ջուրով ողողուած է:
Աղէտներու կեդրոնի տնօրէնը յայտնած է, որ յոռեգոյն պարագային Պանքոք ամբողջովին ջուրով հեղեղուած պիտի ըլլայ: Քաղաքի մէկ տասներորդ մասը` գետին եւ ջրանցքներուն մօտակայ շրջանը գտնուող թաղամասերը, կրնան երկու մեթր բարձրութեամբ ջուրին տակ անցնիլ: Մէկ քառորդը ջուրին տակ պիտի անցնի մէկ մեթր խորութեամբ, այլ մէկ քառորդը` կէս մեթր խորութեամբ: Պանքոքի մնացեալ մասը հեղեղուած պիտի ըլլայ շուրջ 10 սանթիմեթր ջուրով:
Երկրաչափները Թայլանտի իշխանութեան կ՛առաջարկեն ծայրայեղ քայլի դիմել` պայթուցիկ նիւթերու օգնութեամբ 6 մեթրնոց «ջրանցքներ» բանալ քանի մը հիմնական ճամբաներու վրայ, որպէսզի Պանքոքի հիւսիսային հատուածին մէջ ջուրի հոսքը արեւելեան ջրանցքներուն միջոցով թափի Սիամական ծոց: Այդ աշխատանքները պիտի տեւեն շուրջ 2 ժամ, իսկ գոյացած ճեղքերուն վրայ պիտի տեղադրուին ժամանակաւոր մետաղեայ կամուրջներ:


